ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ:
Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն այսօր զրուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ ընդգծելով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններու կարեւորութիւնը եւ խոստացած է ԱՄՆ-ի շարունակական աջակցութիւնը։ Պետական քարտուղար Պլինքըն կրկնած է, որ ուղիղ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան միակ ճանապարհն են։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է խաղաղութեան գործընթացին վարչապետի շարունակական նուիրուածութեան համար»։