image
Հրատապ լուրեր:

Ժամանակն է, որ Եւրոպան վերսկսի երկխօսութիւնը Ռուսիոյ հետ. Մաքրոն

Ժամանակն է, որ Եւրոպան վերսկսի երկխօսութիւնը Ռուսիոյ հետ. Մաքրոն

Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած է, որ ժամանակն է, որ Եւրոպան վերսկսի երկխօսութիւնը Ռուսիոյ հետ։ 

«Ես կը կարծեմ, որ Վլատիմիր Փութինի հետ զրոյցը կրկին օգտակար պիտի ըլլայ»,-անոր խօսքերը մէջբերած է Le Figaro-ն. «Կը կարծեմ՝ մենք՝ եւրոպացիներս եւ ուքրանացիներս, պէտք է գտնենք այս քննարկումները պատշաճ կերպով վերսկսելու ձեւաչափ։ Հակառակ պարագային, մենք պիտի քննարկենք մեզի հետ բանակցողներու հետ, որոնք առանձին բանակցութիւններ կը վարեն ռուսական կողմի հետ, որ լաւագոյն տարբերակը չէ»։