Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Թուրքիա կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.»ի՝ ան ընդգծած է, որ յոյս ունին, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրեն՝ առանց յապաղումներու, աւելցնելով սակայն, որ՝ «Ատրպէյճանի հիմնաւորուած մտահոգութիւնները պէտք է լուծուին»։
Ֆիտան յայտարարած է, որ Թուրքիա կարելին պիտի ընէ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար, եւ որ կողմերուն ցուցաբերած կամքը տարածաշրջանին համար յստակ կարելիութիւններու պատուհան բացած է:
Ֆիտան նշած է, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ համակարգումով։
Ըստ անոր՝ վերջին չորս տարիներու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է։