image

ԱՄՆ-ի հետ երկխօսութիւնը պիտի դադարեցուի, եթէ Իսրայէլ շարունակէ Լիբանանի վրայ յարձակումները. Ղալիպաֆ

ԱՄՆ-ի հետ երկխօսութիւնը պիտի դադարեցուի, եթէ Իսրայէլ շարունակէ Լիբանանի վրայ յարձակումները. Ղալիպաֆ

Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի գլխաւոր բանակցողն ու խորհրդարանի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է իր լիբանանցի պաշտօնակից Նապիհ Պըրրիի հետ՝ քննարկելով Լիբանանի մէջ Իսրայէլի զինուորական գործողութիւնները։ Այս մասին Ղալիպաֆ գրառում կատարած է X հարթակին վրայ։

«Իմ եղբօր՝ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ ունեցած զրոյցիս ընթացքին վերահաստատեցի, որ եթէ Լիբանանի մէջ սիոնիստական ռեժիմի յարձակումը շարունակուի, մենք ոչ միայն պիտի դադրեցնենք բանակցային գործընթացը, այլ նաեւ ամուր պիտի կանգնինք անոնց դէմ»,– գրած է ան։

Յունիս 1-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի X-ի վրայ կատարած իր գրառման մէջ նշած էր, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հրադադարը պէտք է ընդգրկէ բոլոր ճակատները, ներառեալ՝ Լիբանանը։

«Հրադադարի խախտումը մէկ ճակատի վրայ կը նշանակէ հրադադարի խախտում բոլոր ճակատներուն վրայ։ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը պատասխանատու են որեւէ խախտման հետեւանքներու համար»,– ընդգծած էր ան։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Յունիս 1-ին յայտարարած էր, որ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներու միջոցով կապ հաստատած է «Հըզպալլա»-ի հետ, որու արդիւնքով կողմերը համաձայնած են դադրեցնել փոխադարձ հարուածները։