Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ժամանած է Անգարա՝ հանդիպելու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։
Ինչպէս հաղորդած է թրքական Անատոլու գործակալութիւնը, Պլինքընի օդանաւը վայրէջք կատարած է «Էսենպոկա» միջազգային օդակայանին մէջ նոյեմբեր 5-ին՝ ժամը 23։58-ին։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան անռանձնազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Զրոյցի հիմնական թեման եղած է Կազայի մէջ տիրող իրավիճակը։
Առանձնազրոյցէն ետք կայացած է հանդիպում ընդլայնուած կազմով, որուն կմասնակցած են նաեւ պատուիրակութիւններու անդամները։
Պլինքըն Հաքան Ֆիտանի հետ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ գնահատած է։ Այս մասին յայտնած է CNN Turk-ը։
Քաղաքական գործչի խօսքով՝ բանակցութիւններէն ետք Պլինքընն ու Ֆիտանը քննարկած են Կազայի հատուածին մէջ կայուն խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հարցեր։ Բացի այդ, քաղաքական գործիչները խօսած են Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութեան տարածումը կանխելու համատեղ ջանքերու մասին։
Նշուած է նաեւ, որ Ուաշինկթընը կը փորձէ յաղթահարել ճգնաժամը։
«Մենք խօսեր ենք քայլերու մասին, որոնք կրնան նուազեցնել քաղաքացիական զոհերու թիւը»,- լրագրողներուն ըսած է Պլինքըն:
Նշենք, որ Անգարա կատարած այցէն ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը պիտի այցելէ Թոքիօ, Սեուլ եւ Նիւ Տելհի։
Յիշեցնենք, որ նախքան Թուրքիա այցը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կատարած է մերձաւորարեւելեան շրջագայութիւն, որու ընթացքին այցելած է նաեւ Թէլ Աւիւ եւ Ամման։
Ամմանի մէջ Պլինքըն քննարկած է իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան սրումը Յորդանանի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու հետ։
Պլինքըն այնուհետեւ հանդիպած է նաեւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասի հետ։