image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ հարցով ԱՄՆ բանագնացները ժամանած են Ռուսիա

Ուքրանիոյ հարցով ԱՄՆ բանագնացները ժամանած են Ռուսիա

Ուքրանիոյ հարցով ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ 12 նոյեմբերի առաւօտեան ժամանած են Մոսկուայի «Վնուքովօ» օդակայան, ուր դիմաւորուած Ռուսիոյ նախագահի՝ օտարերկրեայ պետութիւններուն հետ ներդրումային եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի (ՌՆՆՀ) ղեկավար Քիրիլ Տմիթրիեւի կողմէ։ 

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամերիկացի բանագնացներուն հետ կը հանդիպի օրուան առաջին կէսին։

Աւելի վաղ Քուշներ յայտարարած էր, որ Ուիթքոֆի հետ պիտի մեկնի Մոսկուա։ Անոր խօսքով՝ իրենք մտադիր են Ռուսիոյ նախագահի հետ քննարկելու 10-11 նոյեմբերին Ապու Տապիի մէջ Ուքրանիոյ հարցով կայացած եռակողմ բանակցութիւններուն ընթացքին բարձրացուած հարցերը։

Մոսկուա այցելելէ յետոյ Ուիթքոֆն ու Քուշները մտադիր են մեկնելու Տուպլին՝ հանդիպելու Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։

Reuters յայտնած էր, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ բանակցային պատուիրակութիւնները Ապու Տապիիի մէջ երկու օր տեւած խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնած են գերիներու փոխանակման։ Սակայն ԱՄՆ միջնորդները յայտնած են, որ կարգ մը առանցքային հարցերու, անոնց կարգին՝ տարածքային խնդիրներու շուրջ տարաձայնութիւնները կը պահպանուին։

12 նոյեմբերի վաղ առաւօտեան՝ խաղաղութեան բանակցութիւններու աւարտելէն մէկ օր ետք Ռուսիան ու Ուքրանիան փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են մայրաքաղաքներուն։

Reuters-ի թղթակիցը յայտնած է, որ պայթիւններ լսուած են Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ։ Դեռ պարզ չէ՝ արդեօք քաղաքին մէջ աւերուածութիւններ կան։

Մոսկուայի քաղաքապետ Սերգէյ Սոպեանինը Telegram-ի իր ալիքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը խոցած են դէպի Մոսկուա ուղեւորուող հինգ անօդաչու թռչող սարք։