image

Պայտը՞ն թէ՞ Թրամփ. Փութինն ըսած է՝ Ռուսիոյ համար 2-էն որմէկը աւելի նախընտրելի է որպէս ԱՄՆ նախագահ

Պայտը՞ն թէ՞ Թրամփ. Փութինն ըսած է՝ Ռուսիոյ համար 2-էն որմէկը աւելի նախընտրելի է որպէս ԱՄՆ նախագահ

Ռուսիան պատրաստ է աշխատելու ԱՄՆ-ի որեւէ նախագահի հետ, որ ընտրուած է ամերիկեան ժողովուրդի կողմէ, բայց գերադասելի է Ճօ Պայտընի հետ։ Այս մասին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է լրագրող Պաւել Զարուպինին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Տեսանիւթը հրապարակուած է Քրեմլի թելեկրամեան ալիքով։

«Պայտընը», - պատասխանած է Փութին՝ հարցին, թէ որ քաղաքական գործիչն է աւելի լաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան համար որպէս ԱՄՆ նախագահ՝ Բայտը՞նը, թէ՞ Տանըլնտ Թրամփը։

«Պայտընն աւելի փորձառու, կանխատեսելի անձնաւորութիւն է, ան հին կազմաւորման քաղաքական գործիչ է»,- պարզաբանած է Ռուսիոյ ղեկավարը։

«Բայց մենք կ՚աշխատենք ԱՄՆ-ի որեւէ առաջնորդի հետ, որուն կը վստահի ամերիկացի ժողովուրդը»,- եզրափակած է Փութին։