image

Փութինն ու Ծինփինը հանդիպում ունեցած են

Փութինն ու Ծինփինը հանդիպում ունեցած են

 

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ։ Ան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի արտաքին քաղաքական գործընկերութիւնը «միջազգային ասպարէզին վրայ կայուն եւ դրական զարգացում կ՚ապրի»։

Ռուսիա-Չինաստան համագործակցութեան ընդհանուր նպատակը Ասիա-Խաղաղական տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ապահովումն է։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին։

Փութին նշած է, որ բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ Մոսկուա եւ Փեքին կը մնան աւելի արդար եւ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի ձեւաւորման կառուցողական մօտեցումներուն հաւատարիմ։

Իր կարգին, Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ռուս-չինական համագործակցութիւնը հեռանկարային նկատած է եւ արտայայտուած է անոր խորացման օգտին։

Անոր խօսքով՝ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կը մնան ամուր՝ անկախ արտաքին դժուարութիւններէ։

«Չինաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները եղած են եւ կը մնան անսասան, լերան մը նման՝ անկախ որեւէ դժուարութենէ կամ փոթորիկէ», յայտարարած է Շի Ծինփինկ։

Չինաստանի նախագահը նաեւ աջակցութիւն յայտնած է բազմաբեւեռ աշխարհակարգ ձեւաւորելու Փութինի ձգտումին։ Անոր համաձայն՝ Չինաստան եւ Ռուսիա պէտք է աւելի գործնական քայլերու ձեռնարկեն՝ համապարփակ համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համար։