image

Օմրան Խան արտահերթ ընտրութիւններ պահանջեց

Օմրան  Խան արտահերթ ընտրութիւններ  պահանջեց

Ան  նաեւ խնդրած է,  իր համախոհներէն պատրաստուելու՝ ընդառաջելու դէպի Իսլամապատ երթի իր կոչին, եթէ վաղաժամկէտ ընտրութիւններու իր խնդրանքին պատասխանը յետաձգուի` ըսելով. «Սպասեցէք իմ կոչին»:

 

Փաքիստանի նախկին վարչապետ Օմրան Խանը կոչ ըրաւ նոր ընտրութիւններ կայացնելու` նոր կառավարութեան ստանձնումէն յետոյ քաղաքական իրարանցումի լոյսին տակ, զգուշացնելով, որ կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ` աշխուժացնելու տնտեսութիւնը:

 Նշենք, որ աւելի վաղ Խան եւ անոր «Ինսաֆ»  կուսակցութեան աւելի քան 100 օրէնսդիրներ հրաժարական տուին ընդդիմութեան կողմէ   եղած անվստահութիւն յայտնելու քուէի օրակարգի իրականացումէն ետք:  Իսկ ընդդիմութիւնը զայն կը մեղադրէր տնտեսութեան, կառավարման եւ արտաքին յարաբերութիւններու սխալ տնօրինման մէջ:

«Ով որ սխալ թոյլ տուած է, զայն ուղղելու միայն մէկ ճանապարհ կայ, եւ այդ  կանխահաս  ընտրութիւններ կայացնելն է», ըսած է Խան Փաքիստանի արեւելեան Լահոր քաղաքին մէջ տասնեակ հազարաւոր  իր հետեւորդներուն  դիմաց։

Ան  նաեւ խնդրած է,  իր համախոհներէն պատրաստուելու՝ ընդառաջելու դէպի Իսլամապատ երթի իր կոչին, եթէ վաղաժամկէտ ընտրութիւններու իր խնդրանքին պատասխանը յետաձգուի` ըսելով. «Սպասեցէք իմ կոչին»:

Անցեալ շաբաթ Օմրան Խանի աջակցութեան մեծ ցոյցեր տեղի ունեցած են մայրաքաղաք Իսլամապատի, Լահոր ու Քարաչի քաղաքներուն մէջ:

Խանը մեղադրած է Միացեալ Նահանգները՝ իրեն տապալելու ուղղութեամբ աշխատելու մէջ, եւ վերջերս անհամաձայնութիւն յայտնած է բանակին՝ հետախուզութեան ղեկավարի նշանակման հարցով:

 Նշենք նաեւ, որ անցեալ երեքշաբթի  օր, նորընտիր  վարչապետ Շահպազ Շարիֆ ձեւաւորեց համադաշնակցային կառավարութիւն, միաւորելով նախապէս մրցակցող ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, Խանը քաղաքական խաղէն  դուրս  ձգելու  նպատակով։