Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի սկիզբէն երեք տարի անց, պաղեստինեան «Համաս» շարժումը, հակառակ իր կրած ռազմական ծանր կորուստներուն, աստիճանաբար կը վերականգնէ կառավարման եւ անվտանգութեան իր կառոյցները՝ փորձելով ամրապնդել վերահսկողութիւնը տարածքի նկատմամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան Ynet պարբերականը՝ վկայակոչելով Իսրայէլի անվտանգութեան ծառայութիւններու գնահատականները։
Ըստ այդ գնահատականներուն՝ պատերազմէն առաջ Կազայի մէջ գործող 25 համայնքապետարաններէն 22-ը վերսկսած են իրենց գործունէութիւնը, մինչդեռ «Համաս»-ի կառավարական 17 նախարարութիւններն ալ դարձեալ կը գործեն։ Շարժման կառավարման կառոյցներուն մէջ ներկայիս կ՚աշխատի շուրջ 50 հազար քաղաքացիական պաշտօնեայ, իսկ ռազմական թեւին հետ կապուած զինեալներուն թիւը կը գնահատուի շուրջ 30 հազար։ Այսպիսով, «Համաս»-ի տարբեր կառոյցներուն մէջ ներգրաւուած է շուրջ 80 հազար մարդ։
Պարբերականին համաձայն՝ «Համաս» կը վերականգնէ նաեւ իր անվտանգութեան համակարգը։ Շարժման ոստիկաններն ու անվտանգութեան ուժերը դարձեալ սկսած են բացայայտօրէն գործել իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ։ Միաժամանակ նուազած է պատերազմի ընթացքին հիմնականին մէջ ընդյատակեայ գործունէութիւն ծաւալած «Նետի ստորաբաժանում» (Arrow Unit) կոչուած կառոյցին գործունէութիւնը։
Շարժումը կը փորձէ վերականգնել նաեւ Կազայի տնտեսութեան նկատմամբ իր վերահսկողութիւնը։ Իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն՝ «Համաս» ստեղծած է յատուկ ֆինանսական յանձնաժողով մը, որ հարկեր եւ տուրքեր կը գանձէ վաճառականներէն ու գործարարներէն, ներառեալ այն անձերէն, որոնք պատերազմի տարիներուն ապրանքներ եւ բեռնատար ինքնաշարժներ փոխադրած են Կազա։ Շարժումը նաեւ պահանջած է, որ վաճառատուներն ու գործարարները իրենց վաճառքներուն արժէքին առնուազն 30 առ հարիւրը գանձեն կանխիկ։
Իսրայէլի անվտանգութեան ծառայութիւններու գնահատմամբ՝ «Համաս» կը սաստկացնէ նաեւ նոր անդամներ հաւաքագրելու ջանքերը։ Այդ նպատակով կ՚օգտագործուին կրօնական հաստատութիւնները, մասնաւորաբար մզկիթները, ինչպէս նաեւ երիտասարդական խումբերու հետ տարուող աշխատանքները։
Ynet-ի հրապարակումը կը պարունակէ նաեւ մեղադրանքներ, թէ «Համաս» կը փորձէ եկամուտ ապահովել բժշկական տարհանումներու գործընթացէն։ Իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն՝ շարժման վերահսկողութեան տակ գտնուող առողջապահութեան նախարարութիւնը 20-30 հազար տոլարի դիմաց բժշկական փաստաթուղթեր տրամադրած է կազմակերպութեան հետ կապ ունեցող անձերու՝ անոնց արտասահմանի մէջ բուժում ստանալու նպատակով Կազայէն մեկնելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար։ Իսրայէլեան կողմը նաեւ կը պնդէ, որ «Համաս» կը փորձէ տարհանուող հիւանդներուն ուղեկցողներուն շարքին ընդգրկել շարժման հետ կապ ունեցող անձեր։
Իսրայէլի անվտանգութեան ծառայութիւնները կը շարունակեն պնդել, որ «Համաս»-ի զինեալ անդամները ներկայութիւն ունին նաեւ Կազայի շարք մը հիւանդանոցներու մէջ, ներառեալ «Շիֆա», «Ալ Աքսա» եւ «Նասեր» բժշկական կեդրոնները։ Նշուած պնդումները կը ներկայացնեն իսրայէլեան կողմին գնահատականները։