Իրան եւ Ատրպէյճան վերջնականացուցած են նաւթի եւ կազի ոլորտին մէջ գործակցութեան համաձայնագիրի ընդհանուր դրոյթները։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նաւթի նախարարի պաշտօնակատար Համիտ Պովարտ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» գործակալութիւնը։
Նոյեմբեր 23-ին, «Օմիտ մետիա գաւաթ» երրորդ ձեռնարկի շրջածիրէն ներս լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Պովարտ նշած է, որ Թեհրանն ու Պաքուն քննարկած են նաւթի եւ կազի ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերը եւ հասած են ընդհանուր փոխըմբռնման։
Անոր խօսքով՝ համաձայնագիրի գործադրութեան առնչուող կարգ մը արհեստագիտական հարցեր տակաւին լուծուած չեն, եւ զանոնք պէտք է լուծէ ատրպէյճանական կողմը։
Անդրադառնալով ուժանիւթի ոլորտին՝ պաշտօնեան նշած է, որ վառելանիւթի գինի փոփոխութեան հարցը Նաւթի նախարարութեան օրակարգին վրայ չէ եւ ներկայիս չի քննարկուիր։