Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս բանակցութիւններ վարած է Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Մուհամմետ պըն Ապտել Ռահման ալ-Թանիի հետ եւ անոր հետ քննարկած՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ երկխօսութեան վերսկսմանն ուղղուած ջանքերը։ Այս մասին յայտնած է «Աքսիոս» (Axios) լրատուական հարթակի եւ իսրայէլեան 12-րդ հեռուստաալիքի թղթակից Պարաք Ռաւիտ։
Քաթարի վարչապետին եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին հանդիպումը տեղի ունեցած է Սպիտակ տան մէջ։
Աւելի վաղ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հանդիպում ունեցած էր Քաթարի վարչապետին հետ։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած էր, որ կողմերը սկսած են Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի միջեւ ռազմավարական երկխօսութեան ութերորդ փուլը՝ տնտեսութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ երկկողմ հարցերու շուրջ։