Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկքաղաքացիութեան հարցին վերաբերեալ ուշագրաւ եւ քննադատական գրառում մը կատարած է լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան՝ անդրադառնալով սփիւռքահայերու կողմէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար ներկայացուած նոր պահանջներուն մասին պաշտօնատար անձի մը յայտարարութեան։
Գասապեան իր գրառման մէջ կը յիշեցնէ Սփիւռքի հայութեան՝ հայրենիքին հանդէպ ունեցած նուիրումն ու զոհողութիւնները՝ հարցականի տակ դնելով նման մօտեցման տրամաբանութիւնը։
Ստորեւ՝ գրառումն ամբողջութեամբ․
Կիրակի առտուները կանուխ կամ ուշ երբ արթննայինք, տան հեռուստացոյցը միացնէինք Հ1, կը դիտէինք կա՛մ «Զինուժ», կա՛մ Էջմիածինէն աղօթք, կամ ալ «Երաժշտական փոստարկղ»՝ հայերէն երգերու յատուկ յայտագիր։ Ասի «նախկիններու» օրօք։
Այսօր, կիրակի առտու՝ «նորերու» օրօք, (եւ արդէն քանի տարի է, ո՛չ «Զինուժ», ո՛չ Պատարագ, ո՛չ ալ «երաժշտական փոստարկղ»ին կը հանդիպինք), սփիւռքահայութեան վերաբերող ինչ որ հեզաճկուն «պետական» պաշտօնեայի մը օրեր առաջ ըրած յայտարարութեան մասին կը հաղորդուէր լուր մը, որուն վրայ հասայ ըստ բախտի (կամ իր բախտին)։
Պաշտօնեան այս հեզաճկուն ըսած է եղեր, որ սփիւռքահայերը իբր երկքաղաքացիութիւն, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունենալու համար յետ այսու պէտք է պետութեան տուրք վճարեն, պետութեան սահմաններէն ներս ինչ-որ ժամանակ կեցութիւն ունենան եւ անպայման պետութեան սահմանները պաշտպանեն։
Այսինքն, ինչ որ հասկցայ, հայ ըլլալու համար, եւ իբր հայ, իրաւունքի՛ ուժով Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունենալու համար տո՛ւրք կայ վճարուելիք ըստ այս հեզաճկունին, որ ի դէպ իր այս պաշտօնին նշանակուելէ առաջ ո՛չ պետութեան սահմաններէն ներս կ՚ապրէր, ո՛չ տուրք կը վճարէր, եւ անշուշտ, երբե՛ք այդ պետութեան սահմաններուն չէր մօտեցած, նոյնիսկ իբր զբօսաշրջիկ։
Առանց երկքաղաքացիութեան ակնկալութիւն իսկ ունենալու սփիւռքահայ տասնեակ երիտասարդներ այդ պետութեան սահմանները պաշտպանած են, անոնցմէ ոմանք նահատակուա՛ծ են այդ սահմանի երկայնքին, ուրիշներ՝ ապրած են հոն՝ մութ ու ցուրտ տարիներէն ի վեր՝ իրենց ներդրումը ունեցած են, յայտնի եւ անյայտ փաղանգ մը կայ սփիւռքահայերու, որոնք տարիներ շարունակ ինչ-ինչ ձեւերով նիւթապէս օժանդակած են այդ պետութեան, բոլորը՝ անխտի՛ր, ըրած են ամէ՛ն ինչ պետութեան համար, որովհետեւ ազգութեամբ հա՛յ են, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։
Երկքաղաքացիութեան համար կրնայ ըլլալ որ այդ պահանջուի այլ ազգի դիմորդէն, նման օրէնք կը կիրառուի Գանատայի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ. միչեւ այսօր նման օրէնք չունենալը մե՛ծ յանցանք է, եւ անոր բացակայութենէն օգտուած են խուժան ազգերու ներկայացուցիչներ։ Բայց ազգութեամբ յոյները, ռուսերը,
չինացիք, իտալացիք, մալիզյացիք, թունուսցիք, էքուատորցիք, կամ, օրինակ այս օրէնքը մշակողներուն արխատաշ ազերիք կամ թալեաթի ժառանգ ենիչերիք, ունի՞ն նմանը այս հեզաճկուն կէնճին, որ յանդգնի նման օրէնք մշակել. կասկածիմ կը։
Օրը պիտ գայ եւ ասոնք ալ պիտի նուաճեն «նախկիններ» մակդիրը, պիտի հանդիպիմ նոցա, անպայման օր մը Սփիւռքի՛ մէջ պիտի հանդիպիմ եւ վայելեմ անոնց հեզաճկուն նազպարը։
Օրե՛րը միայն մեզ կը բաժնեն այդ պահէն։
Նկարին մէջ հա՛յ տղաքն են, որոնք իբր հա՛յ, կամաւոր կը պաշտպանէին հայկական թաղերը... իսկ ասոնց յաջորդող սերունդը Հայաստանի սահմաններուն էր, կամաւո՛ր։