Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, հայրենիքի զարգացման հեռանկարներուն եւ Հայաստանի այսօրուան քաղաքական ու տնտեսական ուղղութեան շուրջ Սփիւռքի մէջ շարունակուող բանավէճերուն զուգահեռ, կարեւոր է նաեւ լսել այն մարդոց կարծիքները, որոնք Հայաստան կը ժամանեն տարբեր միջավայրէ եւ մասնագիտական փորձառութեամբ։ Պոլսահայ համայնքային գործիչ եւ ճարտարապետ Նազար Պինաթլը, որ Հայաստան կը գտնուէր Հայաստան-Սփիւռք գագաթնաժողովին առիթով, իր դիտարկումները կը ներկայացնէ երկրի քաղաքաշինական խնդիրներուն, կառուցապատման նոր մօտեցումներուն եւ տնտեսական զարգացման հնարաւորութիւններուն մասին։
Մեր զրոյցին ընթացքին ան կը բարձրացնէ Հայաստանի քաղաքաշինութեան ոլորտին մէջ յստակ ընդհանուր յատակագիծի անհրաժեշտութեան հարցը, միաժամանակ կը գնահատէ վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւններուն նախաձեռնութիւններն ու երկրի նկատմամբ միջազգային հետաքրքրութեան աճը։
Պինաթլը նաեւ կը հակադրուի այն տեսակէտներուն, թէ Հայաստանը կը կորսնցնէ իր ազգային դիմագիծը, կ՚օտարանայ կամ կը ձուլուի։ Անոր համոզումով՝ երկրին առջեւ բացուող տնտեսական եւ միջազգային համագործակցութեան նոր կարելիութիւնները պէտք է դիտարկել իբրեւ զարգացման առիթներ, պայմանաւ որ Հայաստանը կարենայ խելամտօրէն պաշտպանել իր շահերը։
Հարցազրոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարենք նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, սահմաններու վերաբացման հեռանկարներուն եւ այն մտահոգութիւններուն, որոնք այս հարցին շուրջ գոյութիւն ունին Հայաստանի հասարակութեան տարբեր շրջանակներուն մէջ։
Հարցում — Ինչպիսի՞ն է ընդհանուր մթնոլորտը Հայաստան-Սփիւռք այս գագաթնաժողովին, եւ ըստ ձեզի՝ ի՞նչ արդիւնքներ կրնանք ակնկալել։
Պրն. Պինաթլը — Ճիշդն ըսած, անցեալ տարիներուն տեղի ունեցած նման հաւաքներուն արդիւնաւէտութիւնը անձնապէս չեմ զգացած, քանի որ Հայաստան չեմ բնակիր։ Թերեւս յաջողութիւններ արձանագրուած են, բայց ինծի չեն հասած։ Այս անգամ, սակայն, կազմակերպիչները նախաձեռնած են տարբեր երկիրներէ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը ապահովել։ Ես պիտի նախընտրէի, որ հաւաքը աւելի բաց բնոյթ ունենար, որպէսզի մասնակիցները կարենային ուղղակիօրէն ժողովուրդին դիմաց պատասխանել հնչող հարցումներուն։
Որպէս իմ ոլորտիս մասնագէտ՝ կրնամ նաեւ նշել, որ Հայաստանի քաղաքաշինութեան բնագաւառին մէջ յստակ ընդհանուր յատակագիծի մը պակասը կը նկատեմ։ Օրինակ՝ քաղաքացին չի գիտեր, թէ իր հողամասին վրայ քանի՞ յարկանի շէնք կրնայ կառուցել։ Ան ստիպուած է նախագիծ մը պատրաստել, ներկայացնել քաղաքապետարան, որմէ ետք միայն պիտի որոշուի, թէ իր նախատեսածը կարելի՞ է իրականացնել, թէ՞ իրեն այլ լուծում մը պիտի առաջարկուի։
Այսուհանդերձ, այս հաւաքին ընթացքին տեսայ, որ բազմաթիւ երկիրներէ ճանչցուած եւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ Հայաստան ժամանած են։ Այս անգամ, նոյնիսկ իրարու ծանօթանալը մեծ քայլ մըն է։ Այդ ծանօթութիւնները կրնան համագործակցութեան նոր առիթներ ստեղծել։ Կը մաղթեմ, որ ամէն ինչ ի նպաստ մեր հայրենիքին ըլլայ։
Հարցում — Վերջին շրջանին Սփիւռքի մէջ յատկապէս շատ կը քննադատեն Հայաստանի իշխանութիւնները՝ պնդելով, որ երկիրը կ՚օտարանայ, կը ձուլուի կամ կը կորսնցնէ իր ազգային դիմագիծը։ Դուք ի՞նչ տեսաք Հայաստանի մէջ եւ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս մեղադրանքները։
Պրն. Պինաթլը — Ընդհակառակը, ես այդ քննադատութիւններուն չեմ միանար։ Վերջին շրջանին կառավարութեան տարած աշխատանքները կը գնահատեմ, կը հաւնիմ եւ կը կարծեմ, որ երկիրը շատ աւելի առաջ պիտի երթայ։ Աշխարհի տարբեր տէրութիւններ եւ բարձր մակարդակի անձնաւորութիւններ այսօր իրենց ուշադրութիւնը ուղղած են դէպի Հայաստան։ Անշուշտ, անոնք ունին իրենց սեփական շահերը, բայց այդ համագործակցութեանց ճամբով մեր երկիրն ալ կրնայ իր օգուտները քաղել։
Յառաջիկային մեծ ներդրումներ պիտի ըլլան, յատկապէս արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ։ Ես ատիկա յստակօրէն կը տեսնեմ, յոյս ունիմ եւ վստահ եմ, որ այդպէս ալ պիտի ըլլայ։
Հարցում — Դուք Թուրքիայէն կու գաք։ Ուստի անդրադառնանք նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն։ Լաւատե՞ս էք սահմաններու բացման եւ կապերու զարգացման հարցով, թէ՞ հոռետեսական մտահոգութիւններ ունիք։
Պրն. Պինաթլը — Այո՛, մեծ յոյսեր ունիմ, եւ պատրաստութիւններն ալ արդէն այդ ուղղութեամբ կ՚ընթանան։ Թերեւս քիչ մը երազային, նոյնիսկ ուտոպիստական կը թուի, բայց կը կարծեմ, որ կացութիւնը կրնայ փոխուիլ։ Մենք վախնալու պատճառ չունինք։ Ընդհակառակը՝ պէտք է ուրախանանք սահմաններու վերաբացման հեռանկարին համար։
Հարցում — Սակայն մեր հասարակութեան մէջ կայ հատուած մը, որուն համար սահմաններու վերաբացման հարցը լուրջ մտահոգութեան աղբիւր է։ Անոնք կը վախնան, որ թրքական կողմը պիտի ներթափանցէ Հայաստան եւ տնտեսապէս ու մշակութապէս պիտի փորձէ մեզ ձուլել կամ «թրքացնել»։ Ի՞նչ կը պատասխանէք այս մտավախութիւններուն։
Պրն. Պինաթլը — Նախ պէտք է մենք խելացի ըլլանք։ Եթէ խելամտօրէն գործենք, թոյլ չենք տար, որ սահմանները հատելով որեւէ մէկը մեզի վնաս հասցնէ։ Ես անձնապէս նման մտավախութիւններ չունիմ եւ չափազանց լաւատես եմ։
Բոլոր առումներով, յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ, դրական զարգացումներ կրնան ըլլալ։ Ի վերջոյ, տնտեսութիւնն է երկրի զարգացման հիմքը, եւ սահմաններու վերաբացումը կրնայ նպաստել մեր տնտեսական մակարդակի բարձրացման։
Հարցազրոյցը՝ «Արեւելք»ի