image

Flydubai-ին թոյլատրուած է վերսկսիլ թռիչքները դէպի Թել Աւիւ

Flydubai-ին թոյլատրուած է վերսկսիլ թռիչքները դէպի Թել Աւիւ

Իսրայէլի փոխադրութեան նախարար Միրի Ռեկեւ հաստատած է էմիրաթական «Ֆլայ Տուպայ» (flydubai) օդանաւային ընկերութեան դէպի Թել Աւիւ թռիչքներու վերսկսումը՝ օդանաւին մէջ պատահած միջադէպէն գրեթէ երկու ամիս ետք։ Այս մասին կը հաղորդէ «The Times of Israel»ը։

Օդանաւային ընկերութեան դէպի Իսրայէլ թռիչքները դադրեցուած էին Սեպտեմբեր 30-ին, երբ օմանցի երկրորդ օդաչուն փորձած էր կործանել օդանաւը։ Սակայն օդանաւի հրամանատարին եւ քանի մը ուղեւորներու միջամտութեամբ փորձը ձախողած էր։

Ահաբեկչութեան փորձէն ետք մեղադրանքներ հնչած էին, թէ Իսրայէլի մէջ թերութիւններ կան օդային երթեւեկութեան վերահսկողութեան ոլորտին մէջ։

Փոխադրութեան նախարարին կողմէ թռիչքներու վերսկսման մասին տեղեկութիւններու հաստատումէն առաջ, Իսրայէլի անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէ եւ Փոխադրութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը վերադարձած է Տուպայէն։ Անոնք բանակցութիւններ վարած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդային փոխադրութեան ոլորտի պաշտօնեաներու հետ՝ Թել Աւիւի եւ Տուպայի միջեւ թռիչքներու վերսկսման համար նախատեսուած անվտանգութեան միջոցառումներու գործադրման շուրջ։

«Պատուիրակութիւնը այսօր Ռեկեւին ներկայացուցած է միջադէպէն ետք ընկերութեան ձեռնարկած քայլերը։ Ռեկեւ հաւանութիւն տուած է flydubai-ի վերադարձին, որ ենթակայ է անվտանգութեան մարմիններու կողմէ թոյլտւութեան», նշուած է Փոխադրութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ՝ առանց մանրամասնելու, թէ օդանաւային ընկերութիւնը ինչ փոփոխութիւններ կատարած է իր անվտանգութեան ընթացակարգերուն մէջ։

«Սա նշանակալի քայլ է Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման եւ ուղեւորներու համար թռիչքներու ընտրութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ», աւելցուցած են նախարարութենէն։

Նախապէս flydubai-ը Թել Աւիւէն օրական 10 թռիչք կը կատարէր։

flydubai-ի օդանաւին հետ պատահած միջադէպէն ետք Իսրայէլ աւելի խիստ անվտանգութեան ստուգումներու պահանջներ սահմանած է դէպի Իսրայէլ կամ Իսրայէլէն մեկնող օտարերկրեայ օդանաւային ընկերութիւններու օդաչուներուն եւ անձնակազմերուն համար։

 

Անվտանգութեան մտահոգութիւններու պատճառով յետաձգուած է նաեւ իսրայէլական El Al, Arkia եւ Israir օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքներու վերսկսումը դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Այդպիսով՝ Etihad-ը դարձած է միակ օդանաւային ընկերութիւնը, որ թռիչքներ կը կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի միջեւ։