image

ԱՄՆ-ի մէջ այսօր պիտի կայանան «Միջանկեալ ընտրութիւններ»

ԱՄՆ-ի մէջ այսօր պիտի կայանան «Միջանկեալ ընտրութիւններ»

Ամերիկացիները 3 նոյեմբերին պիտի մասնակցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւններուն, որոնց արդիւնքներով պիտի ընտրուին Ներկայացուցիչներու պալատի բոլոր 435 օրէնսդիրները եւ Ծերակոյտի 100 անդամներէն 35-ը, կը տեղեկացնեն ամերիկեան լրատուամիջոցները։

Բացի այդ, շուրջ 40 նահանգի մէջ պիտի ընտրուին նահանգապետներ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւելի քան 50 միլիոն քաղաքացի Քոնկրէսի ընտրութիւններուն մասնակցած է վաղաժամ քուէարկութեան միջոցով։ Նաեւ տեղի ունեցած է քուէարկութիւն նամակատնային եղանակով։

NBC հեռուստաալիքը անցեալ շաբաթ հրապարակած է հետազօտութիւն, որուն համաձայն՝ ամերիկացիներու 52%-ը կը ցանկար, որ Քոնկրէսի երկու պալատներն ալ վերահսկեն դեմոկրատները։ Հարցուածներուն 44%-ը նախապատուութիւնը տուած է Հանրապետական կուսակցութեան։ Մնացածը դեռ կողմնորոշուած չեն եղած։

Ipsos-ի կատարած մէկ այլ հարցման արդիւնքները նոյնպէս նման պատկեր ցոյց տուած են։ Այսպէս, հարցուածներուն 47%-ը նշած է, որ կը ցանկար, որ երկու պալատներն ալ վերահսկուին Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ, իսկ 36%-ը՝ Հանրապետական կուսակցութեան։ Մնացած հարցուածները չեն պատասխանած։

Հարցումներու մեծամասնութեան համաձայն՝ դեմոկրատները, հաւանաբար, պիտի կրնան մեծամասնութիւն ստանալ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ։ Կանխատեսումներուն համաձայն՝ անոնք կրնան յաւակնիլ ստորին պալատի առնուազն 222 տեղի, իսկ հանրապետականները, հնարաւոր է, ստանան առնուազն 195 տեղ։ Մնացած 18 տեղի համար պայքարի արդիւնքը կը մնայ անկանխատեսելի։

435 տեղ ունեցող Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ վերահսկողութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ է ստանալ առնուազն 218 տեղ։

Միեւնոյն ժամանակ, Ծերակոյտին մէջ պայքարը կրնայ աւելի թէժ ըլլալ, սակայն մեծ է հաւանականութիւնը, որ դեմոկրատներն այնտեղ նոյնպէս կարողանան յաղթանակ տանիլ։ Քոնկրէսի վերին պալատին մէջ մեծամասնութիւն ստանալու համար Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամները պէտք է պահպանեն իրենց ներկայ բոլոր տեղերը եւ լրացուցիչ ստանան առնուազն չորս տեղ։

The New York Times-ի հրապարակած հարցման համաձայն՝ դեմոկրատները զգալիօրէն բարելաւած են իրենց դիրքերը հանրապետականներուն հետ պայքարին մէջ եւ կրնան յաւակնիլ վերջիններուս տեղերուն նոյնիսկ աւանդաբար հանրապետական համարուող հինգ նահանգներու մէջ՝ Քանզաս, Մէյն, Օհայօ, Թեքսաս եւ Ալասքա։

Ըստ շարք մը լրատուամիջոցներուն՝ Քոնկրէսի ընտրութիւնները կ'արտացոլեն ամերիկացիներու ընդհանուր տրամադրութիւններն ու վերաբերմունքը Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի գործունէութեան նկատմամբ։

Եթէ դեմոկրատները յաջողեցան մեծամասնութիւն ապահովել Ներկայացուցիչներու պալատին կամ Ծերակոյտին մէջ, ապա Թրամփի համար աւելի դժուար կ'ըլլայ Քոնկրէսին մէջ հասնիլ իր օրինագիծերուն հաստատման։ Անոր համար նաեւ կը բարդանայ վարչակազմին մէջ այս կամ այն պաշտօնին իր թեկնածուներու նշանակումը Ծերակոյտի միջոցով հաստատելու գործընթացը։