image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառը՝ լիբանանահայութեան ազգային վերակազմակերպման կոչով

   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառը՝ լիբանանահայութեան ազգային վերակազմակերպման կոչով

Լիբանանահայութեան հոգեւոր եւ ազգային կեանքի վերաշխուժացման, համայնքային կառոյցներու վերակազմակերպման եւ նոր ռազմավարութեան մը որդեգրման հրամայականը քննարկման առանցքը դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ տեղի ունեցած զրոյց-հանդիպումին։ Վեհափառ հայրապետը կարեւորեց եկեղեցւոյ, հայ դպրոցին, քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը՝ շեշտելով, որ լիբանանահայութիւնը պէտք է շարունակէ մնալ սփիւռքահայութեան ողնասիւնը։

Ստորեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջին հրապարակուած լրատւութիւնը՝ 

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ, 27 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ՝ «Հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու վերակենսաւորման հրամայականը» նիւթով։

Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի հայ համայնքի քաղաքական, եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ հասարակական կառոյցներու աւելի քան վեց հարիւր ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ հանդիպումը նկատեց Ազգային առաջնորդարանէն ներս սկսած խորհրդակցութիւններու շարունակութիւնը՝ նպատակ ունենալով կասեցնել համայնքային կեանքին մէջ նկատուող ընդհանուր նահանջը եւ վերակենդանացնել հայութեան հոգեւոր ու ազգային նկարագիրը։

Ապա «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ արդի աշխարհին մէջ հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային արժէքներուն դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ ընդգծելով, որ արհեստագիտութեան եւ հաղորդակցութեան նոր միջոցներու զարգացումը նոր պայմաններ ստեղծած է ինքնութեան պահպանման համար։ Ան կարեւորեց աւանդութիւններու արդիականացումը՝ առանց ազգային ինքնութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան խաթարման։

Իր հայրական խօսքին մէջ Արամ Ա. վեհափառը շեշտեց, որ սփիւռքը վերակազմակերպման եւ նոր ռազմավարութեան հրամայականին առջեւ կը գտնուի։ Ան առանձնացուց երեք հիմնական ուղղութիւններ՝ սփիւռքի վերակազմակերպումը, նոր ռազմավարութեան մը մշակումը եւ լիբանանահայութեան պատմական դերակատարութեան պահպանումը՝ իբրեւ սփիւռքահայութեան ողնասիւն։

Վեհափառ հայրապետը մանրամասն անդրադարձաւ համայնքային կեանքի տարբեր ոլորտներուն։ Հոգեւոր մարզին մէջ ան կարեւորեց եկեղեցիներու աշխուժացումը, հոգեւորականներու պատրաստութեան եւ նիւթական ապահովութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ քարոզներու մատչելի ու բովանդակալից ըլլալը։

Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրէն ներս ան ընդգծեց կիրակնօրեայ վարժարաններու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց եկեղեցականներուն ու կրթական պատասխանատուներուն՝ զարկ տալու անոնց կազմակերպման։ Միաժամանակ կարեւորեց արհեստական բանականութեան եւ նոր արհեստագիտութեան նպատակային օգտագործումը։

Հայեցի կրթութեան մասին խօսելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս վերահաստատեց հայ դպրոցին անփոխարինելի դերը եւ ծնողներուն կոչ ուղղեց իրենց զաւակները հայ վարժարաններ յանձնելու։ Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատեց համայնքային բոլոր կառոյցներու կանոնագրութիւններուն, գործելակերպին եւ աշխարհահայեացքին վերատեսութիւնը՝ զանոնք ներկայ պայմաններուն եւ կարիքներուն համապատասխանեցնելու համար։

Վեհափառը կարեւորեց բարեսիրական միութիւններու համագործակցութիւնը, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միջեւ շարունակուող գործակցութիւնը եւ լիբանանահայութեան մասնակցութիւնը երկրի պետական ու հասարակական կեանքին։ Ան ողջունեց նաեւ համայնքի մշակութային աշխուժութիւնը եւ վերջին շրջանին կազմակերպուած ձեռնարկները։

Եզրափակելով՝ Արամ Ա. վեհափառը կոչ ուղղեց բարերարներուն՝ նիւթապէս աջակցելու համայնքային կառոյցներուն, իսկ բոլոր կազմակերպութիւններուն՝ համադրելու իրենց աշխատանքները եւ գործելու միասնական ճիգով։ Ան շեշտեց, որ միայն միասնականութեամբ կարելի է լիբանանահայ համայնքը դարձնել աւելի կենսունակ եւ ազդեցիկ։

Հանդիպումը փակուեցաւ վեհափառ հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով։