image

Փաշինեան ընդունած է ԵՄ պետութիւններու դեսպանները

Փաշինեան ընդունած է ԵՄ պետութիւններու դեսպանները

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպանները։

Քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր։ Մասնաւորաբար, անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ համագործակցութեան օրակարգին, ներառեալ՝ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան ընթացքին եւ գործընթացը առաջ մղելու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսական բազմազանեցման ուղղուած քայլերուն։

Վարչապետը ընդգծած է ԵՄ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է նոր Սահմանադրութեան նախագիծին։

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան շնորհիւ ստեղծուող հնարաւորութիւններուն, տարածաշրջանային գործակցութեան խթանման, TRIPP նախագիծին գործնական փուլի մեկնարկին եւ հետագայ աշխատանքներուն։

Հանդիպման ընթացքին վարչապետը պատասխանած է դեսպաններուն հետաքրքրող հարցերուն։