Ռուսական գերութեան մէջ մահացած 27-ամեայ ուքրանացի լրագրող Վիքթորիա Ռոշչինայի մահուան պատճառը, պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ նշուած է սրտային հիւանդութիւնն ու թոքերու այտուցը։
Այս տուեալները BBC-ն յայտնաբերած է «Ռոսսթաթ»ի տուեալներու արտահոսքի հետեւանքով։ Անոնք գերատեսչութեան շտեմարանին մէջ յայտնուած են լրագրողին մահէն գրեթէ հինգ ամիս ետք՝ անոր մարմինը Ուքրանիոյ վերադարձնելէ կարճ ժամանակ առաջ։ Մարմնին վրայ յայտնաբերուած են խոշտանգումներու հետքեր, բացակայած են նաեւ կարգ մը ներքին օրկաններ։
Ռուսիոյ իշխանութիւնները հրապարակաւ չեն յայտնած Ռոշչինայի մահուան պատճառը։ Ուքրանիոյ դատախազութիւնը եւս չէ յաջողած վերջնականապէս պարզել զայն։ Ուքրանական քննութեան վարկածին համաձայն՝ լրագրողին մահուան պատճառը եղած է «դաժան վերաբերմունքը՝ զուգորդուած կանխամտածուած սպանութեամբ»։
Դատաբժշկական փորձաքննութեամբ յայտնաբերուած է ծոծրակային ոսկորի կոտրուածք։ Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազութեան գրասենեակին համաձայն՝ հետաքննութեան ընթացքին արձանագրուած են նաեւ խիստ հիւծուածութիւն, խոշտանգումներու, ներառեալ՝ ելեկտրահարութեան հետքեր, պարանոցի վնասուածքներ եւ կոտրուած կողոսկր։ Այս մասին կը գրէ BBC-ն։
Գերատեսչութեան տուեալներով՝ գերութեան ընթացքին Ռոշչինան պարբերաբար ենթարկուած է խոշտանգումներու, ծեծի, նուաստացումներու եւ սպառնալիքներու։ Անոր սահմանափակած են նաեւ բժշկական օգնութեան, խմելու ջուրի եւ սնունդի հասանելիութիւնը։