image

Նոր Սահմանադրութեամբ պետութիւնը կրնայ անհատը զրկել քաղաքացիութիւնէն. Սրբուհի Գալեան

Նոր Սահմանադրութեամբ պետութիւնը կրնայ անհատը զրկել քաղաքացիութիւնէն. Սրբուհի Գալեան

 

Սա միջազգայնօրէն ընդունուած գործելակերպ է, որուն համաձայն՝ խիստ որոշ պարագաներու պետութիւնը կրնայ հնարաւորութիւն ունենալ քաղաքացիութենէ զրկելու։ Խօսքը մասնաւորաբար պետական անվտանգութեան եւ սահմանադրական կարգի հիմունքներուն դէմ գործուած յանցագործութիւններու մասին է։ Քաղաքացիութենէ զրկելը հնարաւոր պիտի ըլլայ միայն դատարանի որոշումով, Հանրային հեռատեսիլի կայանի եթերով յայտարարած է Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծին համաձայն՝ օրէնքով նախատեսուած պարագաներու, դատարանի որոշումով, կը թոյլատրուի քաղաքացիութենէ զրկել՝ սահմանադրական կարգի հիմունքներուն կամ պետութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու համար։