Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ձեռամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի, ութ երիտասարդ միաբաններ արժանացան Հայ Եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն։ Արարողութիւնը կարեւոր հանգրուան մը դարձաւ թէ՛ նորաօծ վարդապետներուն հոգեւոր եւ մտաւորական ծառայութեան ճանապարհին, թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եկեղեցական առաքելութեան շարունակականութեան տեսակէտէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը մերօրեայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, հետզհետէ կը ծաւալի, մանաւանդ երիտասարդ հոգեւորականներու իւրայատուկ ներդրումով եւ արդի մեթոտներու որդեգրումով ու կիրարումով:
Արդարեւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտուն ժամը 09:00-ին մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութիւն՝ ձեռամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչ Գերապատիւ Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանի:
Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններ ստացան Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան, Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեան, Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան, Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան եւ Օշին Վրդ. Չուալերթանեան:
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, վարդապետները ծնրադիր՝ հերձուածներէն հրաժարելէ եւ հերետիկոսները նզովելէ ետք, ձեռնադրիչ սրբազան հօր աղօթքներով եւ աւետարանական ընթերցումներով՝ ընծայեալներուն շնորհուեցաւ հայ եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետութեան տասը աստիճանները։
Հուսկ, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը արտասանեց իր քարոզը եւ նորօք ձեռնադրեալներուն ուղղուած յորդորները՝ մեկնելով սաղմոսերգուին «Ուրախութեամբ ծառայեցէք Տիրոջ» խօսքէն։ Ան ըսաւ, որ այս խօսքերով Դաւիթ մարգարէ կը ներկայացնէ Աստուծոյ ծառայութեան էութիւնն ու ոգին՝ ուրախութեամբ, սիրով եւ ամբողջական նուիրումով տոգորուած։ «Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքի առաջնահերթութիւնն ու գերագոյն նպատակը Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրիլն է», ըսաւ ան եւ դիտել տուաւ, որ այս ուրախութիւնը մարդկային նիւթական չափանիշներով չի սահմանուիր։ Մեսրոպ սրբազան յայտնեց, թէ օրուան բնաբանին ընտրութիւնը պատահականօրէն չէ եղած, այլ պերճախօս վկայութիւն է նորօք ձեռնադրուած երիտասարդ պատուաբեր ու խոստումնալից միաբաններու նուիրաբերութեան, որովհետեւ անոնք իրենց հոգեւոր, մտաւորական ու եկեղեցական պատրաստութեամբ ծառայութիւն մատուցած են հայ եկեղեցւոյ ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան յատկապէս եւ ըստ այն, Նորին Սրբութեան տնօրինումով, արժանացան ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու։
Բացատրելով ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն իմաստը՝ քարոզիչ սրբազան հայրը ընդգծեց, որ «անոնք պարզապէս պատուոյ տիտղոս կամ ուսումնական բարձրագոյն հանգամանքներ չեն, այլ՝ եկեղեցական ծառայութեան մէջ նոր հանգրուան, որ կը պահանջէ աստուածաբանական խոր գիտելիքներ, մտաւորական հասունութիւն, հոգեւոր փորձառութիւն եւ հովուական պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն»։ Այս գծով, ան վերասահմանեց ծայրագոյն վարդապետութեան առաքելուտթիւնը ներկայ դարուս մարտահրաւէրներուն դիմաց եւ ընդգծեց. «ձեր առջեւ բացուած ծառայութեան այս նոր հանգրուանը թող երբէք հպատրութեան առիթ չդառնայ, այլ՝ խոնարհութեան, նուիրումի եւ աւելի մեծ պատասխանատուութեան մղիչ ոյժ: Ծայրագոյն վարդապետութիւնը գիտութեան բարձրագոյն աստիճանը ըլլալէ առաջ՝ ծառայութեան աւելի բարձր պատասխանատուութիւն է»։
Աւարտին, Մեսրոպ արքեպիսկոպոս որդիական ջերմ շնորհաւորութիւններ յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Միաբանութեան, նորօք ձեռնադրեալներուն, անոնց ծնողներուն եւ այն թեմերուն, ուր կը ծառայեն։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, հայրապետական թափօրը բարձրացաւ վեհարանի դահլիճ, ուր Նորին Սրբութիւնը, «Պահպանիչ» աղօթքով իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը շնորհեց նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն։







