image

Նօսրացած, բայց չնահանջած՝ Հոմսի Սահակեան վարժարանը բացաւ իր դռները

Նօսրացած, բայց չնահանջած՝ Հոմսի Սահակեան վարժարանը բացաւ իր դռները

Սուրիոյ Հոմս քաղաքի  հայութիւնը տարիներու ընթացքին նօսրացած է, եւ երբեմնի աշխոյժ համայնքային կեանքը այսօր կը շարունակուի աւելի փոքր թիւերով ու սահմանափակ պայմաններու մէջ։ Սակայն թիւերու նուազումը չէ կրցած կասեցնել այս համայնքին պատմական երթը։ Հոմսի հայութիւնը կը շարունակէ պահել իր ազգային ինքնութիւնը, եկեղեցին ու դպրոցը՝ նոր սերունդներուն փոխանցելով այն ժառանգութիւնը, որ սերունդներ շարունակ պահպանուած է այս քաղաքին մէջ։

Երկուշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2026-ին, Հոմսի Ազգ. Սահակեան Վարժարանը վերաբացաւ իր դռները՝ 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանին մեկնարկ տալով։

Վարժարանի վերամուտի առիթով ներկայ էին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Հոմսի Թաղականութեան Ատենապետ տիար Վազգէն Խաչատուրեանը եւ Դամասկոսի Ազգ. Քաղաքական Ժողովի անդամ տիար Նազարէթ Նազարեանը։

Սրբազան Հայրը վարժարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտներուն կողմէ, ապա անոնց հետ միասին հատեց ժապաւէնը՝ պաշտօնապէս յայտարարելով 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտը։

Այնուհետեւ Տ. Արմաշ Սրբազան շրջեցաւ վարժարանի դասարաններուն մէջ, ծանօթացաւ ուսումնական ընթացքի աշխատանքներուն եւ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց նուիրեալ ուսուցչուհիներուն՝ իրենց պատասխանատու ծառայութեան համար։

Վերամուտի արարողութիւնը աւարտեցաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ, երբ Սրբազան Հայրը աշակերտներուն հետ միասին հատեց ուսումնական նոր տարեշրջանի առիթով պատրաստուած կարկանդակը։

Հոմսի Ազգ. Սահակեան Վարժարանի վերամուտը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ համայնքի թիւերու նօսրացման պայմաններուն մէջ իսկ դպրոցը կը շարունակէ մնալ   այդ շրջանի հայապահպանութեան կարեւոր օճախներէն մէկը։