Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանը 2026–2027 տարեշրջանը սկսաւ միասնութեան, նոր տեսլականի եւ մասնագիտական զարգացման շեշտադրումով։ Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ֆաթքայի Notre Dame du Mont-ի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նոր տարեշրջանի առաջին Ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցան վարչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամները՝ տնօրէն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ։
Օրը միաժամանակ առիթ եղաւ հոգեւոր անդրադարձի, նոր տարեշրջանի առաջնահերթութիւններու ներկայացման, մասնագիտական զարգացման եւ Մեսրոպեանի ընտանիքին մէջ համագործակցութեան ու պատկանելիութեան ոգիի ամրապնդման։ Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ վարժարանի նոր ծրագիրները, ընդլայնուող մասնագիտական գործընկերութիւնները եւ կրթական միջավայրը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերը։
Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանի (MHTC) 2026–2027 տարեշրջանի առաջին Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ֆաթքայի Notre Dame du Mont-ի մէջ՝ համախմբելով վարժարանի վարչական եւ ուսուցչական կազմերը՝ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ։
Հաւաքը նուիրուած էր հոգեւոր անդրադարձի, հաստատութեան նպատակներուն, մասնագիտական զարգացման, համագործակցութեան եւ խմբային ոգիի ամրապնդման՝ նոր տարեշրջանը նոր եռանդով եւ միասնական յանձնառութեամբ սկսելու մտադրութեամբ։
Օրը սկսաւ Ս. Պատարագով, զոր մատոյց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Հ. Սահակ վարդապետ Քէշիշեան, որմէ ետք աշխատանքային բաժինը բացաւ MHTC-ի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ»։ Ան ողջունեց արուեստիցին նոր միացող անդամները եւ ներկայացուց նոր տարեշրջանի առաջնահերթութիւններն ու տեսլականը։
Պարոն Գալուստ անդրադարձաւ արուեստիցի կարգավիճակի բարձրացման վերաբերեալ Լիբանանի Նախագահական հրամանագրին եւ անոր գործադրութեան, ընդգծելով փոփոխութիւնները հասկնալու եւ անոնց արդիւնաւէտ կերպով յարմարելու կարեւորութիւնը։ Միաժամանակ ան շեշտեց Մեսրոպեան ընտանիքին հիմնարար արժէքները՝ պատկանելիութիւնը, յանձնառութիւնը, պատասխանատուութիւնը, համագործակցութիւնը եւ Մեսրոպեանի ինքնութեան ու արժէքներու պահպանումը։
Այնուհետեւ բաժանմունքի պատասխանատու պրն. Սերժ Հաննա ներկայացուց նոր տարեշրջանին նախատեսուած շարք մը ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ վարժարանին ընդլայնող ռազմավարական համագործակցութիւններն ու գործընկերութիւնները՝ AUST, Waznat, Œuvre d’Orient, Karaguezian, Em Nour եւ այլ հաստատութիւններու ու մասնագիտական գործընկերներու հետ։ Այս համագործակցութիւնները կը նպատակադրեն աշակերտներուն ընձեռել աւելի լայն գիտելիքներ, գործնական փորձառութիւններ եւ մասնագիտական աշխարհի հետ աւելի ամուր կապեր։ Ներկայացուեցաւ նաեւ SEMAS-ը՝ արուեստիցի բաժնի աշակերտներուն համար նախատեսուած նոր գործունէութիւն մը, որ պիտի նպաստէ անոնց մտաւոր զարգացման։
Ժողովին ներկայացուեցան MHTC-ի ներքին կանոնները, որոնք կը շեշտեն յարգանքը, արհեստավարժութիւնը, կարգապահութիւնը, պատասխանատուութիւնը, համագործակցութիւնը, հաղորդակցութիւնը եւ պատկանելիութեան ոգին։ Օրուան մասնագիտական զարգացման եւ խմբային ոգիի ամրապնդման վարժողական աշխատանքները կատարուեցան Waznat Association-ի համագործակցութեամբ։ Տիկ. Գարին Շըտիաք վարեց երկու վարժողական հանդիպումներ՝ «The Skills Nobody Teaches» եւ «Building the Best College» թեմաներով։
Ընդհանուր ժողովը աւարտեցաւ պրն. Սերժ Հաննայի շնորհակալական խօսքով՝ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ գործընկերներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան օրուան յաջողութեան մէջ։ Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանի ընտանիքը նոր տարեշրջանին կը վերաբերի վստահութեամբ՝ համագործակցութեան, նորարարութեան եւ արհեստավարժութեան ոգիով՝ միասին կերտելու համար արդիւնաւէտ եւ յաջող եւս մէկ տարեշրջան։
.jpg)
.jpg)

.jpg)