Պոլսոյ մէջ բացուած է «Արամ Գամպուրեան Մշակոյթի Կեդրոն»ը՝ ի յիշատակ ազգային բարերար, ուսուցիչ, ճարտարագէտ, գրող եւ թարգմանիչ Արամ Գամպուրեանի, որ շուրջ յիսուն տարի ծառայած է Ուսուցչաց Հիմնարկին եւ երկարամեայ աշխատակիցը եղած է «Մարմարա» թերթին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորած հանդիսութեան ընթացքին բացուած է նաեւ «Հայ լուսանկարիչներու ոսպնեակէն դիտուած՝ Պալեաններու կառոյցները» ցուցահանդէսը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Շաբաթ օրուան հանդիսութիւնը առանձնայատուկ խորհուրդ ունէր թէ՛ ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքին եւ թէ Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան համար։ Ազգային բարերար, ուսուցիչ, ճարտարագէտ, գրող եւ թարգմանիչ Արամ Գամպուրեան, որ երկար տարիներ իր աշխատակցութիւնն ու ծառայութիւնը բերած է մեր երկու հաստատութիւններուն, այսուհետեւ համայնքի յիշողութեան մէջ պիտի ապրի նաեւ մշակութային նոր օճախի մը երդիքին տակ։ Իր անունով կոչուած Մշակոյթի Կեդրոնին բացումը Շաբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 15.00-ին, համախմբեց խուռներամ բազմութիւն մը՝ գերազանցելով նոյնիսկ կազմակերպիչներուն ակնկալութիւնները։
Հանդիսութիւնը գլխաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Կրթական, մշակութային եւ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, «ՀայՃար»ի անդամներու եւ բազմաթիւ հիւրերու ներկայութիւնը ինքնին պերճախօս արտայայտութիւն մըն էր այն յարգանքին, զոր Արամ Գամպուրեան վաստկած էր տասնամեակներու իր ծառայութեամբ։
Նոր կեդրոնին բացումը նաեւ մշակութային ուշագրաւ ձեռնարկով մը նշանակալից դարձաւ։ Ուսուցչաց Հիմնարկը նախընտրած էր իր նոր մշակութային օճախին դռները բանալ ՀայՃար-ի կազմակերպած «Հայ լուսանկարիչներու ոսպնեակէն դիտուած՝ Պալեաններու կառոյցները» ցուցահանդէսով՝ այսպիսով Արամ Գամպուրեանի անունը կապելով պոլսահայ ճարտարապետական ժառանգութիւնը արժեւորելու կոչուած նախաձեռնութեան մը։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Արա Կիւլէրի, Յակոբ Էզկիլիօղլուի, Արի Թաշի, Արման Ճամկէօզի, Արման Իսպիրօղլուի, Արման Քէօսէի, Արման Թէզճանի, Պերճ Արապեանի, Տայք Տանձիկի, Տիգրան Տիւլկէրեանի, Մկրտիչ Արծիւեանի, Սարգիս Կիւրեղի, Սօնա Մէնթէշէի եւ Զաքարիա Միլտանօղլուի լուսանկարները։ Տարբեր լուսանկարիչներու ոսպնեակներէն դիտուած Պալեան կառոյցները ո՛չ միայն ցուցահանդէսի գեղարուեստական առանցքը կը կազմէին, այլ անգամ մը եւս ուշադրութեան կը յանձնէին այս նշանաւոր գերդաստանի թողած ճարտարապետական հարուստ ժառանգութիւնը։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ուսուցչաց Հիմնարկի Վարչութեան անդամ Մարիամ Տրամէրեան։ Ան հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց 1965ին հիմնուած Հիմնարկին վաթսունամեայ գործունէութիւնը՝ կրթութեան, հայերէն դասագիրքերու ու մանկական հրատարակութիւններու պատրաստութեան, կրթաթոշակներու եւ հայ մշակոյթի պահպանման մարզերուն մէջ տարուած աշխատանքներով։
Տրամէրեանի խօսքին գլխաւոր առանցքը, բնականաբար, Արամ Գամպուրեանն էր։ Գամպուրեան, որ շուրջ յիսուն տարի Ուսուցչաց Հիմնարկի ատենադպիրի պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր, իր մասնագիտական ասպարէզին զուգահեռ երկարամեայ ներկայութիւն ունեցած էր նաեւ պոլսահայ կրթական, գրական եւ մշակութային կեանքէն ներս։ Ան 1975էն սկսեալ իր ճամբորդական գրութիւններն ու օտար մամուլէն կատարած թարգմանութիւնները կը հրատարակէր «Մարմարա»ի մէջ՝ տարիներու ընթացքին դառնալով մեր թերթի ընտանիքին հարազատ եւ մնայուն աշխատակիցներէն մէկը։
Գամպուրեանի անունին կապուած կարեւոր աշխատանքներէն էր նաեւ Յակոբ Մարթաեան Տիլաչարի՝ 1961-էն սկսեալ «Մարմարա»ի մէջ հրատարակուած «Համայնապատկեր Հայ Մշակոյթի» կոթողային աշխատութեան յօդուածներուն հաւաքումն ու դասաւորումը։ Երկարատեւ աշխատանքի արդիւնքով այս հսկայ նիւթը 2004-ին ամփոփուած էր եօթը հատորներու մէջ եւ լոյս տեսած՝ Ուսուցչաց Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։ Մարիամ Տրամէրեան շեշտեց, որ Գամպուրեանի անունով նոր Մշակոյթի Կեդրոն մը ստեղծելու որոշումը կը բխի անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին մշակոյթին եւ յատկապէս հայ մշակոյթի պահպանման ու փոխանցման գործին մատուցած ծառայութենէն։ (Մարիամ Տրամէրեանի ընդարձակ ելոյթին ամբողջական պատճէնը պիտի հրատարակենք «Մարմարա»-ի Երեքշաբթի ներքին էջերուն վրայ)։
Հանդիսութեան այս բաժինը ունեցաւ նաեւ գեղեցիկ անակնկալ մը՝ նուիրուած մեր համայնքի երիտասարդներու կրթական յաջողութիւններուն։ Ուսուցչաց Հիմնարկը ուզած էր Արամ Գամպուրեան Մշակոյթի Կեդրոնի բացման առիթը օգտագործել՝ պատուելու համար այն երեք երիտասարդները, որոնք 2026-ի համալսարանի մտից քննութիւններուն բացառիկ արդիւնքներ արձանագրած էին։
Այս տարուայ համալսարանի մտից քննութիւններուն 2 միլիոն 425 հազար 560 թեկնածուներու միջեւ Արա Ճանէլ գրաւած էր 318րդ տեղը եւ իրաւունք ստացած Պօղազիչի համալսարանի ճարտարարուեստական ճարտարագիտութեան բաժնին հետեւելու։ Լուսին Գարթուն, Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտ, գրաւած էր 360րդ տեղը եւ ընդունուած Իսթանպուլի համալսարանի Իրաւագիտութեան բաժինը, իսկ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտ Ժուլիա Քափ 387րդ հանդիսացած եւ արձանագրուած էր Պօղազիչի համալսարանի Պատմագիտութեան բաժինը։
Արա Ճանէլ եւ Լուսին Գարթուն ներկայ էին հանդիսութեան։ Ուսուցչաց Հիմնարկի Վարչութեան կողմէ անոնց համար պատրաստուած նուէրները յանձնեց Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ այսպիսով երիտասարդներուն յաջողութիւնը եւս բաժնելով օրուան բազմութեան հետ։ Նոյն առիթով շնորհաւորութեան արժանացան երեք երիտասարդներն ու անոնց ծնողները։
Ապա բարձրախօսը յանձնուեցաւ «ՀայՃար»ի ատենապետուհի, ճարտարապետ Նատին Փիլիկօղլուի։ Ան շեշտեց, որ օրը «ՀայՃար»ի ընտանիքին համար եւս յատուկ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ շինարար ճարտարագէտ Արամ Գամպուրեան Միութեան սիրուած ու յարգուած պատուոյ անդամներէն էր։ Փիլիկօղլու համոզում յայտնեց, որ Գամպուրեանի ծառայութեան ոգին պիտի շարունակէ ապրիլ այս նոր կեդրոնին մէջ։
Փիլիկօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան՝ նոր կեդրոնին նորոգութեան աշխատանքները «ՀայՃար»ին վստահելու եւ տարածքին մէջ Միութեան համար եւս տեղ յատկացնելու համար։ Ատենապետուհին չծածկեց նաեւ իր յուզումն ու զարմանքը՝ խոստովանելով, որ չէր ակնկալեր բացման այսքան բազմամարդ ըլլալը։
Այնուհետեւ «ՀայՃար»ի ընդհանուր քարտուղար Լարա Թաշ ներկայացուց Պալեաններու ճարտարապետական ժառանգութեան նուիրուած պատկերազարդ զեկուցում մը։ Ներկայացումը սահմանափակուած չէր Պալեաններու հանրածանօթ կառոյցներով։ Լարա Թաշ ուշադրութեան յանձնեց նաեւ այն գործերը, որոնց Պալեաններու ժառանգութեան պատկանիլը լայն հասարակութեան այնքան ալ ծանօթ չէ՝ այսպիսով պատկերացում տալով գերդաստանի ստեղծագործական վաստակին իրական տարողութեան մասին։ Այս առումով երախտագիտութեամբ յիշուեցաւ նաեւ Տոքթ. Էլմոն Հանչէրի անունը՝ ուսումնասիրութիւններուն եւ ուղեցոյց հանդիսանալու համար։
Օրուան յատկանշական պահերէն մէկը եղաւ Արամ Գամպուրեանի կիսանդրիին բացումը։ Քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի հեղինակած կիսանդրին այսուհետեւ իր մնայուն տեղը պիտի ունենայ կեդրոնին մէջ։
Հուսկ բանքը արտասանեց մեր Հոգեւոր Պետը եւ գնահատեց «Հայճար»ի երիտասարդներէ բաղկացեալ վարչութիւնն ու Ուսուցչաց Հիմնարկը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը եւ հայահոծ այս շրջանին մէջ կազմուած մշակոյթի կեդրոնին կենսականութիւնը։
Խօսելով նաեւ Հիմնարկի վարչութեան բազմամեայ անդամ եւ բարերար Արամ Գամպուրեանի գործունէութեան, բարերարական եւ մտաւորական վաստակին մասին, մեր Հոգեւոր Պետը յարգանքով յիշատակեց զայն եւ գնահատեց իր անունը անմոռաց պահելու ջանքը։
Պաշտօնական բաժնին յաջորդեց ընդունելութիւն մը, իսկ ներկաները առիթ ունեցան մօտէն դիտելու Պալեաններու կառոյցներուն նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը։
Օրուան վերջին բաժինը յատկանշուեցաւ խորհրդանշական պահով մը։ Պատկերաշարի աւարտին պաստառին վրայ երեւցան այն խօսքերը, զորս Արամ Գամպուրեան անձամբ ընտրած էր իր շիրմաքարին համար՝ Պարոյր Սեւակէն առնուած տողեր, որոնք կ'ակնարկէին ամէն բանի անխուսափելի աւարտին։
Շաբաթ օրուան բացումը նաեւ ուրիշ բան մը կը հաստատէր. մարդուն կեանքը կրնայ ունենալ իր վերջակէտը, իսկ իր ստեղծածն ու փոխանցածը՝ շարունակութիւն։ «Արամ Գամպուրեան Մշակոյթի Կեդրոն»ը այսուհետեւ կոչուած է դառնալու այդ շարունակութեան նոր հասցէն։


