image

Միացեալ Նահանգներ 11.5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Հայաստանին. Սամանթա Փաուըր

Միացեալ Նահանգներ 11.5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Հայաստանին. Սամանթա Փաուըր

Միացեալ Նահանգներ 11.5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Հայաստանին մարդասիրական կարիքներուն համար:

Այս մասին Սիւնիքի մէջ լրագրողներուն ըսած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուըր։

Անոր խօսքով, այդ աջակցութիւնը պիտի ուղղուի ինչպէս սնունդի ձեռքբերման, այնպէս ալ՝ ընկերային եւ հոգեբանական աջակցութեան։

«Մենք պէտք է ապահովենք, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը հասանելիութիւն ունենայ Լեռնային Ղարաբաղ, ուր դեռ տասնեակ հազարաւոր ցեղային հայեր կան, որոնք կ'ապրին շատ խոցելի վիճակով:

Եւ արդէն մենք կը տեսնենք վկայութիւններ մարդոցմէ, որոնք փախած են բռնութենէ եւ զրկանքներէ` Ատրպէյճանի կառավարութեան իշխանութեան տակ ապրելու վախով»,–ըսած է Փաուըր: