Քորէայի Ժողովրդական Դեմոկրատական Հանրապետութեան (ՔԺԴՀ) առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ըն առաջին անգամ հանրութեան առջեւ յայտնուած է դստեր հետ, կը հաղորդէ Yonhap-ը։
Նշուած է, որ քաղաքական գործիչը աղջկան եւ կնոջ հետ միասին ներկայ եղած է միջմայրցամաքային «Հուասոն-17» պալիսթիք հրթիռի փորձնական արձակման:
Լուսանկարները հրապարակած Է Քորէայի կեդրոնական հեռագրային գործակալութիւնը։