image

Ուրախ լուր Թորոնթոյէն.Տեղի ունեցած է Սագոյի եւ Վերոնիքայի նշանտուքը

 Ուրախ լուր Թորոնթոյէն.Տեղի ունեցած է Սագոյի եւ Վերոնիքայի նշանտուքը

Ինչ գեղեցիկ է, երբ տարիներ առաջ «ցանած հունտեր»դ պտուղ կու տան, եւ անոնց արդիւնքը կը տեսնես մարդոց ուրախութեան ու երջանկութեան մէջ…

Այսօր այսպիսի ուրախ պահ մը կ՚ապրի Գանատայի հայ համայնքի նուիրեալ ազգայիններէն՝ Տիար Ժան Հալլաճեան, որուն սիրտը, վստահաբար, ուրախութեամբ կը թնդայ՝ ի տես իր սանուկին՝ Սագօ Ղազարեանի, կեանքի նոր հանգրուանին։

Մենք եւս, որպէս «Արեւելք», կը բաժնենք այս ուրախութիւնը եւ Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր, բայց հայութեամբ ապրող Թորոնթօ, մեր աչքալուսանքը կը յղենք Սագոյին եւ իր նշանածին՝ Վերոնիքային։

 Նշենք, որ Սագօ Ղազարեան եւ Վերոնիքա իրենց նշանտուքի առիթով յատկապէս Գերմանիայէն ժամանած էին Թորոնթօ՝ իրենց ծնողներուն՝ Յակոբ եւ Քրիսթին Ղազարեաններուն օրհնութիւնը ստանալու։ Այս առիթով ընտանեկան ջերմ հաւաք մը տեղի ունեցած է, որուն ներկայ եղած են նաեւ հարազատներ եւ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ Սագոյին եղբայրը՝ Մհեր Ղազարեան։

Նշանտուքի ուրախ առիթէն ետք, Սագօ եւ Վերոնիքա վերադարձած են Գերմանիա՝ Համպուրկ, ուր կը շարունակեն իրենց կեանքի ուղին։

Սագօ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի շրջանաւարտ է։ Ան մեքենագիտական ճարտարագիտութիւն ուսանած է եւ ներկայիս Գերմանիոյ մէջ կը գործէ իբրեւ արհեստավարժ մեքենագէտ։

«Արեւելք»ի ջերմ շնորհաւորանքները Սագոյին եւ Վերոնիքային՝ մաղթելով անոնց երջանիկ ու բարեբեր համատեղ կեանք։