image

Ի՞նչ է անվտանգութիւնը Ուքրանիոյ համար

Ի՞նչ է անվտանգութիւնը Ուքրանիոյ համար

Երբ ամերիկացիներն ու ռուսերը անվտանգութեան մասին կը խօսին, անոնք նկատի չունին միայն Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքները։ Իրականութեան մէջ, անոնք աւելի շատ կը խօսին Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ միջեւ անվտանգութեան նոր մոտելի մասին։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

«Այս մօտեցումը քիչ մը տարօրինակ կը նկատենք։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, 30 տարի շարունակ Եւրոպան լաւ վերաբերմունք ունեցած է Ռուսիոյ նկատմամբ։ Եւրոպան ձգտած է Ռուսիոյ հետ կառուցել կարելի եղածին չափ շատ առեւտրական կապեր, հաստատել հնարաւորինս սերտ համագործակցութիւն եւ պահպանել կարելի եղածին չափ լաւ յարաբերութիւններ։

Փութինի պատերազմները իրականութեան մէջ բացառապէս կապուած են այլ երկիրներու նկատմամբ իր վերաբերմունքին հետ, եւ ոչ թէ՝ Եւրոպայի հետ մշտական ու անխուսափելի բախումի։ Սակայն այսօր կը լսենք այն, ինչ որ կը լսենք», նշած է ան։