image

Իրան կրնայ հրթիռային հարուած հասցնել մինչեւ 1500 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներու. ԻՅՊ

Իրան կրնայ հրթիռային հարուած հասցնել մինչեւ 1500 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներու. ԻՅՊ

Իրանի զինուած ուժերը հասած են ճարտարիգատական այնպիսի մակարդակի, որ թոյլ կու տայ արձակելու 2 թոն մարտագլխիկ կրող հրթիռներ 1500 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատարի տեղակալ Մոսթաֆա Իզատին։ 

«Այսօր զինուած ուժերուն զսպման ներուժն այն մակարդակի վրայ է, որ մեր հրթիռային ստորաբաժանումներու հրամանատարները կրնան 2 թոն մարտագլխիկ կրող հրթիռներուն՝ մինչեւ 1500 քիլոմեթր տարածութեան վրայ արձակման հրաման տալ»,- անոր խօսքէն մեջբերած է IRNA գործակալութիւնը։

Իզատին աւելցուցած է, որ Իրանը պատրաստ է «արագ, արդիւնաւէտ եւ վճռական» պատասխան տալ երկրի անվտանգութեան ուղղուած ցանկացած սպառնալիքի։

Ան նաեւ հաւաստիացուցած է, որ ԱՄՆ-ի զօրքերը կը խուսափին մօտենալէ Իրանի ծովային սահմաններուն եւ անոնցմէ հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կանգնած են։