Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ գագաթաժողովի շրջածիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2026 թուականի Նոյեմբեր 12-ին հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Երկու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի առաջմղման շուրջ՝ հիմնուելով 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան գագաթաժողովի արդիւնքներուն եւ անոր շրջածիրէն ներս ստորագրուած Ուաշինկթընի համատեղ հռչակագիրին վրայ։
Քննարկումները կեդրոնացած են երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման ուղղուած գործնական քայլերուն վրայ, ներառեալ՝ փոխադրական եւ տարանցիկ կապերու զարգացումը, տնտեսական ու առեւտրական յարաբերութիւնները, սահմաններու սահմանազատումը, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացումը։
Այս շրջածիրէն ներս, ղեկավարները քննարկած են «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) զարգացման ընթացքը, ներառեալ՝ անոր երկաթուղային եւ ճամբաներու բաղադրիչներուն ծրագրումն ու նախագծումը, ինչպէս նաեւ TRIPP-ի ուղիով տարանցիկ կապերու հեռանկարները։
Որպէս դրական զարգացում նշուած է Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն ապրանքներու տարանցումը։ Անցեալ տարուան Նոյեմբերէն ի վեր, Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան փոխադրուած է ընդհանուր առմամբ 105 հազար թոն բեռ։
Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տնտեսական ու առեւտրական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման կարելիութիւններուն, ներառեալ՝ ելեկտրականութեան ցանցերու առաջիկայ փոխկապակցման շուրջ։
Երկու ղեկավարները ընդգծած են շրջակայ միջավայրի եւ անդրսահմանային ջրային պաշարներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ դրական գնահատած անդրսահմանային գետերու կառավարումին վերաբերեալ աշխատանքային խումբերու ստեղծումը։
Ղեկավարները վերահաստատած են խաղաղութեան գործընթացին մէջ դրական շարժընթացի պահպանման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման ամրապնդման ուղղուած երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։