Թուրքիոյ Աքեաքա շրջանի ղեկավար Իսմայիլ Տեմիրթաշը Կարսի նահանգային ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ֆուաթ Արսլանի հետ այցելած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանին գտնուող երկաթուղիի հատուած եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած իրականացուող աշխատանքներուն, յայտնած է Ermenihaber.am-ը:
Տեմիրթաշը երկաթուղիի շինարարութիւնը իրականացնող ընկերութեան ներկայացուցիչէն տեղեկութիւններ ստացած է շինարարական աշխատանքներու ներկայ վիճակի, իրականացուող աշխատանքներու եւ ծրագիրի ընթացքի վերաբերեալ։ Տեմիրթաշ տեղւոյն վրայ հետեւած է շարունակուող աշխատանքներուն եւ քննարկումներ ունեցած պատասխանատուներուն հետ։
Աղբիւրը նշած է, որ տարիներ շարունակ փակ մնացած Աքեաքայի սահմանային անցակէտի (Տողու Քափ-Արեւելեան դարպաս) եւ երկաթուղիի վերաբացման մեծ ուշադրութեամբ հետեւած են տեղի բնակիչները։ Ակնկալուում է, որ նշուած երկաթուղային գիծի շահագործման յանձնումը զգալիօրէն նպաստէ Աքեաքայի առեւտուրին, տնտեսութեան եւ փոխադրային հաղորդակցութեան զարգացման։