image

Ռուսիան կը հետեւի Ուքրանիոյ զինուելու գործընթացին. Փեսքով

Ռուսիան կը հետեւի Ուքրանիոյ զինուելու գործընթացին. Փեսքով

Ռուսիա ուշի-ուշով կը հետեւի եւ հաշուի կ՚առնէ, թէ ուքրանական վարչակարգը ի՛նչ սպառազինութիւններ կամ անոնց արտադրութեան արտօնագիրներ կը ստանայ։ Այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

Այսպէս ան մեկնաբանած է Վլատիմիր Զելենսքիի այն պնդումները, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իբր խոստացած է Քիեւին արտօնագիրներ տրամադրել՝ «Patriot» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հրթիռներու արտադրութեան նպատակով։

«Զելենսքին այժմ շատ բան ըսած է։ Մենք, բնականաբար, մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւինք տեղեկութիւններուն, թէ ո՛ր երկիրները ի՛նչ արտօնագիրներ կու տան եւ ի՛նչ սպառազինութիւններ կը մատակարարեն, եւ այս բոլորը մանրակրկիտ կերպով հաշուի կ՚առնենք», ընդգծած է ան։