image

Ամերիկայի «կապոյտ» շրջադարձը

Ամերիկայի «կապոյտ» շրջադարձը

Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան ապագան

Նախքան հարց տալը, թէ ի՛նչ քաղաքական ճակատագիր մը կը սպասէ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփին, հարկ է հարց տալ, թէ «կապոյտ» գոյնի, այլ խօսքով՝ դեմոկրատներու շռնդալից յաղթանակէն ետք, ի՞նչ հունով պիտի ընթանայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը։

Ճիշդ է, որ Միացեալ Նահանգներու միլիոնաւոր քաղաքացիներն էին, որոնք ապահովեցին երկրի «կապոյտ»ներուն այս մեծ յաղթանակը։ Բայց եւ այնպէս, այդ բոլորը տեղի չունեցաւ միայն ներքին տնտեսական եւ իրաւական խնդիրներու լուծման մտադրութեամբ։

Ճիշդ է նաեւ, որ ամերիկացի քաղաքացին պոռթկաց, սակայն այդ պոռթկումին մէջ, վստահաբար, իրենց բաժինը ունէին Թրամփի վարչակարգին գործած ծանր սխալները։

Սխալներ՝ Կազզէի պարագային, սխալներ՝ ռուս-ուքրանական պատերազմին առնչութեամբ եւ, մանաւանդ, սխալներ՝ Իրանի հետ երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող ամերիկա-իրանական հակամարտութեան առնչութեամբ։

Եւ ճիշդ այդ սխալներուն ու բացթողումներուն պատճառով է, որ այսօր շատեր մեծ յոյսերով  պիտի  հետեւին Միացեալ Նահանգներու մէջ «սպասուած»  զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ անոնցմէ ետք ամերիկեան ներքին եւ միջազգային մակարդակներու վրայ արձանագրուելիք  կարեւոր հակազդեցութիւններուն ու զարգացումներուն։

Այս ընտրութիւններուն արդիւնքները պարզապէս կուսակցական յաղթանակի մը սահմաններուն մէջ չեն ամփոփուիր։ Դեմոկրատներու կողմէ Գոնկրէսի երկու պալատներուն վերահսկողութիւնը ստանձնելու հեռանկարը նոր իրավիճակ մը կը ստեղծէ Թրամփի վարչակազմին համար՝ մանաւանդ արտաքին քաղաքականութեան այն ճակատներուն վրայ, ուր նախագահը վերջին ամիսներուն առաւելապէս զինուորական ուժի եւ ճնշումներու լեզուն նախընտրած էՐ։

Հայաստանի եւ ընդհանրապէս մեր տարածաշրջանի համար ալ այս զարգացումները անտեսելի չեն կրնար ըլլալ։ Սակայն հարցը այն չէ միայն, թէ ո՛վ յաղթեց ամերիկեան ընտրութիւններուն, այլեւ՝ թէ այդ յաղթանակը ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Ուաշինկթընի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն եւ միջազգային յարաբերութիւններուն վրայ։

 

 Դեմոկրատները՝ յաղթանակած 

 ԱՄՆ-ի Դեմոկրատական կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրեց  Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան միջանկեալ ընտրութիւններուն՝ ստանձնելով Գոնկրէսի երկու պալատներուն վերահսկողութիւնը։

Թէեւ քուէներու հաշուարկը տակաւին ամբողջացած չէ,   բայց եւ  այնպէս արդէն իսկ յստակ դարձած է, որ դեմոկրատները Ներկայացուցիչներու տան 435 աթոռներէն առնուազն 228-ը պիտի գրաւեն, մինչ հանրապետականներուն բաժին պիտի իյնան առնուազն 139 աթոռներ։ Ծերակոյտի 100 աթոռներէն ալ դեմոկրատները կը ստանան 54-ը, իսկ հանրապետականները՝ 44-ը։

Դեմոկրատները յաղթանակներ արձանագրած են նաեւ շարք մը նահանգապետական ընտրութիւններու մէջ, ներառեալ՝ Օհայոյի, Այովայի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգներուն մէջ։ Թեքսասի մէջ ալ դեմոկրատ թեկնածու մը յաղթած է՝ առաջին անգամ  ըլլալով վերջին 30 տարիներուն ընթացքին։

Այս ընտրութիւններուն արդիւնքները նաեւ պատմական նշանակութիւն ունեցող շարք մը իրադարձութիւններ արձանագրած են։

Դեմոկրատ Քիշա Լենս Պոթըմս պիտի դառնայ Ճորճիա նահանգի  առաջին սեւամորթ կին նահանգապետը։ Նիւ Հեմփշըրէն Քրիս Փափաս պիտի դառնայ Ծերակոյտի առաջին բացայայտ միասեռական տղամարդ անդամը։ Տեպ Հալանտ Նիւ Մեքսիքոյի առաջին բնիկ ամերիկացի կին նահանգապետը պիտի ըլլայ, իսկ Քսաւիէ Պեսերա՝ Քալիֆորնիոյ առաջին լատինամերիկացի նահանգապետը։

Միչիկընէն Ապտուլ Էլ-Սայէտն  ալ պիտի դառնայ Ծերակոյտի առաջին մահմետական անդամը։ Ան, ի դէպ, քննադատած է Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելու քաղաքականութիւնը եւ խոստացած պաշտպանել հայ ժողովուրդը ու այլ ժողովուրդներու իրաւունքները։

Այս յաղթանակները դեմոկրատներու համակիրներուն մօտ մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած են։ Թեքսասի բնակիչներէն Ռոպ Թրեւինօ, անդրադառնալով արդիւնքներուն, ըսած է, թէ այս յաղթանակը ապացոյցն է, որ կարելի է աւելի լաւ երկիր մը կառուցել եւ քաղաքացիներուն անհրաժեշտ պայմանները ապահովել։

Նոյն նահանգի մէկ այլ բնակիչ՝ Քէյթի Կրէյհըմ, նշած է, որ ընտրական արդիւնքները կ՚արտացոլացնեն իր տեսած իրականութիւնը՝ աւելցնելով, թէ Թեքսաս վերջապէս կը ներկայացուի այնպէս, ինչպէս որ իրականութեան մէջ է։

 

Թրամփ կ՚ընդունի  նախնական  արդիւնքները

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընդունած է ընտրութիւններուն արդիւնքները, շնորհաւորած դեմոկրատները եւ խոստովանած, որ անոնք «լաւ աշխատած են»։

«Ֆոքս Նիւզ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան յայտնած է, թէ պատրաստ է գործակցելու դեմոկրատներուն հետ, միաժամանակ յիշեցնելով նախագահական վեթոյի իրաւունքին մասին։

«Ես վեթոյի իրաւունք ունիմ՝ նախագահի ամէնէն զօրաւոր լիազօրութիւններէն մէկը։ Անոնք անհեթեթ օրէնքներ պիտի ներկայացնեն, իսկ ես վեթօ պիտի կիրառեմ։ Քանի մը ամիս վեթօ դնելէ ետք անոնք պիտի հեռաձայնեն եւ հարցնեն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հարցը լուծել։ Եւ մենք միասին պիտի աշխատինք», ըսած է Թրամփ։

 Թրամփ նաեւ ընդունած է, որ Իրանի դէմ պատերազմը վճռորոշ դեր ունեցած է ընտրութիւններուն մէջ։ Անոր համաձայն՝ վառելանիւթի բարձր գիները ազդած են ընտրողներուն որոշումներուն վրայ։

Սակայն Թրամփի այս յայտարարութիւնները տակաւին չեն պատասխաներ հիմնական հարցումին. արդեօք ան պատրա՞ստ է փոխելու իր արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը, թէ՞ պիտի փորձէ պահպանել նախկին կեցուածքը՝ հակառակ Գոնկրէսի մէջ ուժերու նոր դասաւորումին։

 

 Իրանի հարցը՝ «Հարցերուն հարցն է» 

Գոնկրէսի երկու պալատներուն մէջ դեմոկրատներու վերահսկողութիւնը կրնայ էականօրէն փոխել Ուաշինկթընի քաղաքական եւ օրենսդրական միջավայրը։

Թէեւ Թրամփ կը շարունակէ մնալ երկրի նախագահն ու զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարը՝ լայն լիազօրութիւններով, սակայն Գոնկրէսի վերահսկողութիւնը կարեւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ պետական ծախսերու, ռազմական ֆինանսաւորումներու, կարեւոր նշանակումներու եւ վարչակազմի գործունէութեան վերահսկողութեան վրայ։

Մասնաւորաբար Իրանի հարցին մէջ դեմոկրատները կրնան արգելակել պատերազմի շարունակման կամ սաստկացման համար պահանջուող լրացուցիչ ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ հետաքննութիւններ կատարել վարչակազմին որոշումներուն վերաբերեալ։

Թեհրանէն ալ անմիջապէս արձագանգած են ԱՄՆ-ի  ընտրութիւններուն արդիւնքներուն։ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններուն մէջ իրանեան  կողմի գլխաւոր դէմքերէն մէկը կը նկատուի, յայտարարած է, թէ ամերիկացի քաղաքացիները իրենց քուէով «ո՛չ ըսին պատերազմին»։

Այս յայտարարութիւնը, անշուշտ, ունի նաեւ իր քաղաքական նշանակութիւնը։ Իրան կը փորձէ ԱՄՆ-ի  ընտրութիւններուն արդիւնքները ներկայացնել իբրեւ իր դիրքորոշումին եւ պատերազմին դէմ իր կեցուածքին հանրային հաստատումը։

 

Ի՞նչ կը նշանակէ այս ամէնը արտաքին քաղաքականութեան համար

Այս պահուն հիմնական հարցը այն է, թէ դեմոկրատներու յաղթանակը որքանո՞վ պիտի կարենայ փոխել Թրամփի արտաքին քաղաքականութիւնը։

Պէտք չէ մոռնալ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը միայն նախագահին անձնական որոշումներուն արդիւնքը չէ։ Անիկա կը ձեւաւորուի նաեւ Գոնկրէսի, պետական հաստատութիւններու, ռազմական շրջանակներու, տնտեսական շահերու եւ միջազգային դաշնակիցներու ազդեցութեամբ։

Իրանի պարագային դեմոկրատներու դիրքորոշումը կրնայ սահմանափակել ռազմական գործողութիւններու ֆինանսաւորումը եւ մեծցնել բանակցութիւններու ճնշումը։ Սակայն ասիկա  անպայման չի նշանակեր, որ ամերիկա-իրանական հակամարտութիւնը պիտի լուծուի կամ Ուաշինկթըն ամբողջութեամբ պիտի հրաժարի Թեհրանի նկատմամբ իր ճնշման քաղաքականութենէն։

Ռուս-ուքրանական պատերազմի պարագային ալ հարցը կը մնայ բաց։ Դեմոկրատներու վերադարձը Գոնկրէսի երկու պալատներուն վերահսկողութեան կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Ուքրանիոյ օժանդակութեան ծաւալին, անոր պայմաններուն եւ պատերազմի քաղաքական գնահատականին վրայ։ Սակայն այդ ուղղութեամբ վերջնական եզրակացութիւններու յանգիլը տակաւին կանուխ է։

Իսկ Միջին Արեւելքի մէջ Կազզէի պատերազմը, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները եւ Իրանի դէմ ամերիկեան քաղաքականութիւնը պիտի շարունակեն մնալ Ուաշինկթընի արտաքին օրակարգին կարեւորագոյն հարցերէն։

Անշուշտ, այս բոլորին մէջ կայ նաեւ Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի հարցը։ Արդեօք Գոնկրէսի մէջ ուժերու նոր դասաւորումը պիտի ստեղծէ՞ աւելի լայն կարելիութիւններ՝ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ հայկական հարցերու, Հայաստանի անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութեան առնչութեամբ։ Այս հարցումին պատասխանը   կապուած  է ոչ միայն դեմոկրատներու յայտարարութիւններէն, այլեւ անոնց գործնական քայլերէն։

 

Վերջաբան

Այս ընտրութիւնները, հետեւաբար, պէտք չէ դիտարկել իբրեւ պարզ իշխանական մրցակցութեան մը արդիւնք։ Անոնք նաեւ ամերիկացի ընտրողին կողմէ արտաքին քաղաքականութեան որոշ ուղղութիւններու նկատմամբ արտայայտուած դժգոհութեան արտացոլումն են։

Թրամփ կրնայ շարունակել օգտուիլ նախագահական իր լիազօրութիւններէն, կրնայ վեթոյի դիմել եւ փորձել պահպանել իր քաղաքական օրակարգը։ Սակայն Գոնկրէսի մէջ ուժերու նոր դասաւորումը անոր առջեւ պիտի դնէ նոր սահմանափակումներ եւ քաղաքական հակադրութիւններ։

Եւ, ի վերջոյ, մեզի համար կարեւորը միայն այն չէ, թէ Թրամփ ինչպիսի քաղաքական ճակատագիր պիտի ունենայ։ Աւելի կարեւոր է հասկնալ, թէ ամերիկեան քաղաքական այս շրջադարձը ի՞նչ պիտի նշանակէ աշխարհի համար, ի՞նչ պիտի փոխէ Միջին Արեւելքի մէջ եւ, մանաւանդ, ի՞նչ նոր կարելիութիւններ կամ մարտահրաւէրներ պիտի ստեղծէ Հայաստանի ու հայութեան համար։

Որովհետեւ երբ Ուաշինկթընի մէջ քաղաքական քամիներու ուղղութիւնը կը փոխուի, անոնց հետեւանքները շատ անգամ կը հասնին նաեւ այն երկիրներուն, որոնք ամերիկեան ընտրութիւններուն մէջ քուէարկելու իրաւունք չունին, բայց որոնց ապագան կրնայ ուղղակիօրէն պայմանաւորուիլ այդ ընտրութիւններուն յաջորդող որոշումներով։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...