Երկու տարի առաջ մեզմէ առ յաւէտ հեռացած Զաւէն Խանճեան Լոս Անճըլըսի հայ համայնքի, ինչպէս նաեւ հայութեան ընդհանրական օրակարգերուն առընթեր իր ուրոյն հետքը ձգած, նուիրական անուն մըն էր, որուն կեանքը եղաւ ծառայութեան, պատասխանատուութեան եւ նուիրումի օրինակ։
Անոր նուիրական կարողութիւնները, հոգեւոր արժէքներուն հանդէպ ունեցած հաւատարմութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու հայ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած խոր կապուածութիւնը տարիներ շարունակ դրսեւորուեցան թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ հասարակական եւ ազգային կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ։
Օրերս անոր մահուընէ աւելի քան երկու տարի անց Խանճեանի վաստակը վեր հանելու ու յիշատակն ու ծառայութիւնը արժեւորելու նպատակով Լոս Անճըլըսի մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի ձեռնարկ մը։

Ստորեւ այդ ձեռնարկին մասին ամփոփ լրատւութիւնը։
Օրերս (Կիրակի 8 Նոյեմբեր 2026-ին) Զաւէն Խանճեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ, Աւետարանչական եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ Համահայկական խորհուրդի հովանաւորութեամբ, Իրանահայ միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Զաւէն Խանճեանի կեանքին, վաստակին եւ ազգային-հասարակական գործունէութեան։
Ձեռնարկը բացուած է Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի բարի գալուստի խօսքով։ Ապա հանդիսավարութիւնը ստանձնած է Սոնա Մատարեան, որ Սուրիահայ օժանդակութեան յանձնախումբին (SARF) մէջ գործակցած էր Զաւէն Խանճեանի հետ։
Խանճեանի ընտանիքին անունով ներկաները ողջունած է անոր որդին՝ Վազգէն Խանճեան։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Աննա Աւետիսեան։
Յաջորդաբար, Վիգէն Յովսէփեան ներկայացուցած է Զաւէն Խանճեանի անձն ու գործունէութիւնը՝ «Զաւէն Խանճեան՝ մարդը եւ գործը» խորագրեալ ելոյթով։
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են ՄՄՆ Արեւմտեան Թեմի զոյգ թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններ Գերշ- Տ.Յովնան արք. Տէրտէրեան, եւ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու համակարգող Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան։
Սրտի խօսք փոխանցած է նաեւ Խանճեան ընտանիքի վաղեմի բարեկամ՝ Տ. Պարգեւ եպս. Մարտիրոսեան։
Ձեռնարկի փակման խօսքը արտասանած է Զաւէն Խանճեանի կողակիցը՝ Սոնա Խանճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ յիշատակի այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութեան համար։
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկած է Լեւոն Գարակիւլեան։
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուած է նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) պատրաստած տեսերիզը, որ կ՚անդրադառնայ Զաւէն Խանճեանի կեանքին, գործունէութեան եւ թողած ժառանգութեան։


