image

Սէուտական Արաբիան Ռիատի օդակայանէն հեռացուցած է շուրջ 100 օդանաւ

Սէուտական Արաբիան Ռիատի օդակայանէն  հեռացուցած է  շուրջ  100 օդանաւ

Սէուտական Արաբիոյ օդանաւային ընկերութիւնները տասնեակ օդանաւեր տեղափոխած են Ռիատի միջազգային օդակայանէն՝ «Անսար Ալլահ» (Հուսիներու) շարժման կողմէ գործուող յարձակումներու լոյսին տակ։

Այս մասին կը տեղեկացնէ The Wall Street Journal (WSJ) թերթը՝ վկայակոչելով Flightradar24 թռիչքներու հետեւող ծառայութեան տուեալները։

Մէկ շաբաթուան ընթացքին Ռիատի օդակայանին մէջ գտնուող օդանաւերուն թիւը 134-էն նուազած է՝ հասնելով 38-ի։

Ապահովագրական ընկերութեան ներքին զեկոյցին համաձայն, որ յայտնուած է թերթի տրամադրութեան տակ, վնասուած է հինգ օդանաւ, որոնցմէ մէկը ոչ պիտանի նկատուած է հետագայ շահագործման համար։

WSJ-ի տուեալներով՝ օդային հարուածներու հետեւանքով օդանաւերուն պատճառուած վնասներուն ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 375 միլիոն տոլար։

Հոկտեմբեր 10-ին Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան Քաղաքացիական Աւիացիայի Ընդհանուր վարչութիւնը յայտնած էր, որ մայրաքաղաք Ռիատի օդակայանին դէմ յարձակման հետեւանքով առնուազն 13 մարդ զոհուած է, իսկ 309-ը՝ վիրաւորուած։

Հոկտեմբեր 11-ին Քաղաքացիական Աւիացիայի Վարչութիւնը յայտնած էր նոր յարձակման մասին, որուն հետեւանքով արձանագրուած էր մէկ զոհ եւ 11 վիրաւոր։