image

Լոյս տեսաւ Ալեքս Թաթարեանի առաջին գիրքը. «Ո՞վ է բեմադրիչը»

Լոյս տեսաւ Ալեքս Թաթարեանի առաջին գիրքը. «Ո՞վ է բեմադրիչը»

Երաժիշտ, երգահան եւ երգերու բառերու հեղինակ Ալեքս Թաթարեան լոյս ընծայած է իր առաջին գիրքը՝ «Ո՞վ է բեմադրիչը», որուն մէջ անձնական յիշողութիւններու եւ կեանքի փորձառութիւններու ընդմէջէն կը քննէ մարդու ինքնութեան, ընտրութիւններուն եւ սեփական կեանքին ուղղութիւն տալու հարցերը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Երաժիշտ, երգահան եւ երգերու բառերու հեղինակ Ալեքս Թաթարեանի առաջին գիրքը «Ո՞վ է բեմադրիչը» լոյս տեսաւ ու յանձնուեցաւ ընթերցողներու դատին։

Թաթարեան, իր այս գրական առաջին աշխատանքին մէջ անձնական յիշողութիւններէ ու սեփական կեանքի փորձառութենէն մեկնելով, կ'անդրադառնայ ո՛չ միայն անցեալին, այլ նաեւ ժամանակակից մարդուն ու անոր առջեւ ցցուած հարցումներուն։

Հատորը կը բաղկանայ հինգ բաժիններէ՝ «Արմատ», «Ժամանակաշրջան», «Հաւասարակշռութիւն», «Վերլուծում» եւ «Բեմ»։

Գիրքը դասական իմաստով ինքնակենսագրութիւն մը չէ։ Հեղինակը իր կեանքի հանգրուանները կը վերածէ հարցումներու, փորձելով ընթերցողը եւս մղել մտածելու իր արմատներու, նախընտրութիւններու, ժամանակի ազդեցութեան ու սեփական կեանքին ուղղութիւն տալու կարողութեան մասին։

Գիրքի մեկնակէտը ընտանիքն ու յիշողութիւններն են։ Թաթարեան կ'անդրադառնայ իր երկու մեծհայրերուն, որոնք տարբեր կերպերով հետք թողած են իր կեանքին մէջ։ Անոնցմէ մէկը հոգեւորական էր, զոր կորսնցուցած էր տասը տարեկանին եւ որուն հնչեղ ձայնը դրոշմուած է յիշողութեան մէջ։ Միւսը այն մեծհայրն է, որ երեք տարեկանէն սկսած է զինք մեծցնել եւ կարեւոր դեր ունեցած է իր նկարագրի ու աշխարհայեացքի կազմաւորման մէջ։

Յաջորդ բաժիններուն մէջ անձնական յիշողութենէն անցում կը կատարուի դէպի մեր ապրած ժամանակաշրջան։ Հեղինակը կը հարցնէ թէ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ կեանքի աղմուկին մէջ պահպանել իր ներքին հաւասարակշռութիւնը, ի՛նչ կը շահի կամ ի՛նչ կը կորսնցնէ իր ընտրութիւններով, որքանո՞վ գիտակից է փոփոխութիւններուն, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերափոխեն նաեւ զինք։

Ալեքս Թաթարեան որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր բեմին վրայ է, «Բեմ» բաժնին մէջ կը խօսի ո՛չ միայն երաժշտութեան, այլ նաեւ բեմի ետին մնացած մարդու մասին։ Երբ լոյսերը կը մարին եւ ծափահարութիւնները կը դադրին, մարդ ի վերջոյ առանձինն կը մնայ ինքզինքին հետ։

Ահաւասիկ այս հարցը կը դառնայ ամբողջ հատորին առանցքը. եթէ մեր անցեալը, ժամանակաշրջանը, մեզ շրջապատող մարդիկը, վախերը, նախասիրութիւնները, յաջողութիւններն ու յուսախաբութիւնները մեր կեանքի «սենարիօ»ն են ապա ո՞վ է անոր բեմադրիչը։

Ալեքս Թաթարեան իր առաջին գիրքը նուիրած է իր մեծհօր՝ Արամ Յովսէփեանին։

Կը շնորհաւորենք սիրելի Ալեքսը՝ իր ստեղծագործական ուղիին վրայ բացուած այս նոր էջին համար։