Օրերս Վիեննայի մէջ, 59 տարեկան հասակին, կեանքէն հեռացած է գեղանկարիչ եւ «Ջազարտ» դիմատետրի խումբի հիմնադիր Արթուր Կարապետեանը։
Արթուր Կարապետեան ծնած էր 1967-ին, Երեւան։ 1999-էն ի վեր ընտանիքով հաստատուած էր Չեխիա, իսկ 2003-էն՝ Վիեննա։ Աւարտած էր Երեւանի Փոլիթեքնիք հիմնարկը, ապա՝ Չեխիոյ Վացլաւ Հոլարի անուան գեղարուեստի բարձրագոյն վարժարանը։ Երեւանի մէջ զբաղած էր արտաքին գովազդի եւ ձեւաւորման աշխատանքներով։
Վիեննայի մէջ ան ստեղծած է մեծ թիւով կտաւներ, իսկ իր առաջին ցուցահանդէսը արժանացած էր տեղւոյն մասնագէտներու բարձր գնահատանքին։ 2016-ին «ՕՐԵՐ» ամսագիրին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած էր, որ ջերմ յարաբերութիւններ ունի աւստրիացի նկարիչներուն հետ։ 2006-էն ի վեր Աւստրիոյ Նկարիչներու միութեան անդամ էր, ինչպէս նաեւ անդամակցած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Նկարիչներու միջազգային միութեան։
Ան իր ապագան կապած էր Աւստրիոյ հետ։ Տարեկան քանի մը անգամ կը մասնակցէր ցուցահանդէսներու կամ կը ներկայանար անհատական ցուցահանդէսներով։
Արթուրի մեծ սէրերէն մէկը նաեւ ճազ երաժշտութիւնն էր։ Ասոր վկայութիւնն էր 2014-էն ի վեր դիմատետրի վրայ իր հիմնած «Ջազարտ» խումբը։ Ան կը վարէր նաեւ ճազային ռատիոհաղորդում մը եւ հիմնած էր ART UR համացանցային պատկերասրահը։