image

Պէյրութ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առաջին տարեդարձը

Պէյրութ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առաջին տարեդարձը

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առաջին տարեդարձին առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի կրթական ընտանիքը հաւաքուեցաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ մասնակցելու հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին եւ աղօթքով ոգեկոչելու հայ ժողովուրդի հաւատքի աննկուն վկային յիշատակը։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան՝ ներկայութեամբ վարժարանի բոլոր աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ անձնակազմի անդամներուն՝ տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ։


Ընդհանրական Եկեղեցւոյ կողմէ Մալոյեանի սրբադասումը ոչ միայն համաշխարհային ճանաչում մըն էր հայ ժողովուրդի քրիստոնէական վկայութեան եւ նահատակութեան, այլեւ հաւատքի, խղճի ազատութեան, զոհողութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան այն արժէքներուն, որոնց համար Սուրբ Իգնատիոս իր կեանքը ընծայաբերեց։


Սուրբ Պատարագը աշակերտներուն համար առիթ մը եղաւ անդրադառնալու սուրբի կեանքի պատգամին՝ հաւատարմութիւն ճշմարտութեան, հաստատակամութիւն դժուարութիւններու դիմաց եւ սէր՝ Աստուծոյ ու մարդուն հանդէպ։