Ամերիկացի գործարար, «Թեսլա» ելեկտրական ինքնաշարժեր արտադրող ընկերութեան ղեկավար եւ «ՍփէյսԷքս» (SpaceX) տիեզերական արհեստագիտութիւններու ընկերութեան հիմնադիր Իլոն Մասք «ՍփէյսԷքս»ի Թեքսասի կեդրոնին մէջ ցուցադրած է նոր սերունդի Tesla Roadster 2 ելեկտրական մարզական ինքնաշարժը, որ կրնայ կարճ ժամանակով օդ բարձրանալ, կը գրէ The Guardian-ը։
Ինքնաշարժը օժտուած է սեղմուած կազով աշխատող յատուկ շարժիչներով, որոնց շնորհիւ կրնայ օդային մանեւրներ կատարել։ Մասքի պնդումով՝ անիկա կրնայ զերոյէն ժամական 97 քիլոմեթր արագութեան հասնիլ մէկ վայրկեանէն նուազ ժամանակամիջոցի մէջ։
Ինքնաշարժի արտադրութիւնը նախատեսուած է սկսիլ 2028-ին։ Սակայն այն տակաւին չունի հանրային ճամբաներու վրայ երթեւեկելու համար անհրաժեշտ արտօնութիւնները։