image

Քիմ Եոնկ Ըն առաջին անգամ ըլլալով դստեր հետ կ՚երեւայ

Քիմ Եոնկ Ըն առաջին անգամ ըլլալով դստեր հետ կ՚երեւայ

Քորէայի Ժողովրդական Դեմոկրատական Հանրապետութեան (ՔԺԴՀ) առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ըն առաջին անգամ հանրութեան առջեւ յայտնուած է դստեր հետ, կը հաղորդէ Yonhap-ը։

Նշուած է, որ քաղաքական գործիչը աղջկան եւ կնոջ հետ միասին ներկայ եղած է միջմայրցամաքային «Հուասոն-17» պալիսթիք հրթիռի փորձնական արձակման:

Լուսանկարները հրապարակած Է Քորէայի կեդրոնական հեռագրային գործակալութիւնը։