Յառաջիկային շատ հաւանական է, որ զօր. Արշակ Կարապետեան նշանակուի ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար։
Այս մասին լուրը տուած է իշխանութիւններուն մօտիկ համարուող «Հայկական ժամանակ»ը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Ն. Փաշինեան արդէն իսկ այդ առումով նամակ մը գրած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին, վերջինին յորդորելով Կարապետեանը նշանակել Պաշտպանութեան նախարար։
Յիշեցնենք, որ այսօր աւելի վաղ ՊՆ Վաղարշակ Յարութիւնեանը հրաժարական տուած էր իր Պաշտպանութեան Նախարարի պաշտօնակատարի իր պաշտօնէն։
Բանակի քատրային համարուող զօր. Կարապետեան զբաղեցուցած է բազմաթիւ պաշտօններ, իսկ մինչեւ վերջերս ան կը վարէր Փաշինեանի ռազմական հարցերով խորհրդականի պաշտօնը։