image

ԵՄ-ն Հայաստանին տրամադրած է ականազերծման երկրորդ մեքենան

ԵՄ-ն Հայաստանին տրամադրած է ականազերծման երկրորդ մեքենան

 

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս եւ Հայաստանի մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի տնօրէն Էդուարդ Պետրոսեան ներկայացուցած են ԵՄ-ի կողմէ կեդրոնին տրամադրուած ականազերծման երկրորդ մեքենան՝ աւելի փոքր չափեր ունեցող MV-4 տեսակի սարքը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի ներկայացուցչութենէն։

«Ականներու յայտնաբերումն ու վնասազերծումը ժամանակատար եւ վտանգաւոր աշխատանքներ են։ Յուլիսին փոխանցուած աւելի մեծ՝ MV-10 մեքենային նման, MV-4-ն ալ կը կառավարուի հեռակառավարման համակարգով, որ ականազերծման մասնագէտներուն հնարաւորութիւն կու տայ վտանգաւոր տարածքներուն մէջ աշխատանքները կատարել անվտանգ հեռաւորութենէ։

ԵՄ-ն նաեւ կ՚աջակցի ականազերծման մեքենաներու շահագործման նպատակով հայ մասնագէտներու վերապատրաստման եւ մասամբ կը հոգայ Հայաստանի մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի ընթացիկ ծախսերը։

Այս աջակցութիւնը պիտի նպաստէ Հայաստանի ականազերծման մասնագէտներու աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան եւ անվտանգութեան բարձրացման՝ անոնց հնարաւորութիւն տալով աւելի արագ եւ ապահով կերպով ականազերծելու տարածքները, որպէսզի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչները կարենան վերադառնալ բնականոն կեանքի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։