Հոլանտա նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ պատերազմի հետեւանքով անհետ կորսուած անձերու որոնման գործընթացին համար։
Այս մասին յայտարարած է Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Թոմ Պերենտսըն՝ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
«Ներկայացրել եմ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը, բոլոր դրական հեռանկարներն ու գործընթացները, կարեւորել ենք նաեւ սրանց արդիւնքում ձեւաւորուող տարածաշրջանային հնարաւորութիւնները եւ Նիդերլանդների ապագայ ներգրաւուածութեան պոտենցիալը», յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ ասուլիսի ընթացքին։
Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ այն նշանակալի քայլերը, զորս երկու երկիրները կատարած են անցեալ տարուընէ ի վեր՝ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։
«Կրկին անգամ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ եւ կ՚աջակցիմ այն քայլերուն, զորս Հայաստանը կատարած է այս գործընթացը առաջ մղելու համար, եւ բարձր կը գնահատեմ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը։ Շատ կարեւոր է, որ այս գործընթացը պսակուի խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, եւ մենք այս հարցով մինչեւ վերջ պիտի աջակցինք ձեզի։
Այս առնչութեամբ, միջազգային յանձնաժողովին միջոցաւ, կը յայտարարեմ նաեւ նոր ֆինանսական աջակցութիւն՝ անհետ կորսուած անձերու մարմինները գտնելու ուղղութեամբ», ըսած է ան։
Պատասխանելով հարցերու՝ Պերենտսըն, մանրամասնելով նիւթական աջակցութեան նպատակը, կարեւորած է այս շրջածիրէն ներս վստահութեան կամուրջներու կառուցումը։ Միաժամանակ ան նշած է, որ ծրագիրը կը վերաբերի նաեւ Ատրպէյճանին, ապա յոյս յայտնած, որ այն խաղաղութեան գործընթացին մէկ մասը պիտի կազմէ։
«Սա չափազանց կարեւոր ծրագիր է, որովհետեւ Հոլանտա կ՚ուզէ նիւթական աջակցութիւն տրամադրել եւ, եթէ կարելի ըլլայ, նաեւ օժանդակել այլ միջոցներով», ըսած է ան։
Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է աջակցութեան համար՝ նշելով, որ այս հարցը կարեւոր է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի համար։ Ան Հոլանտայի ներդրումը այս գործին մէջ խիստ ողջունելի համարած է։