Աւստրալիահայ համայնքային ու հանրային գործիչ եւ SBS ռատիոյի հիմնադիր-տնօրէն Դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեան, որ իր կեանքի մեծ մասը նուիրած է բազմամշակութայնութեան, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ ընկերային ներառման խթանման, 18 Հոկտեմբեր 2026-ին արժանացաւ նոր պարգեւի մը՝ ի գնահատումն աւստրալական հասարակութեան մէջ իր ունեցած նշանակալի ներդրումին։
Ծնած ըլլալով Կիպրոս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ ծնողաց ընտանիքի մէջ, Դոկտ. Գրգեաշարեան իր երկարամեայ հանրային ծառայութեամբ կարեւոր դեր ունեցած է Աւստրալիոյ բազմազան համայնքներու ձայնը լսելի դարձնելու, անոնց լեզուներու, մշակութային աւանդութիւններու եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Անոր գործունէութիւնը գնահատուած է բազմաթիւ ազգային եւ միջազգային պարգեւներով, որոնց շարքին՝ Ողիմպիական շքանշանով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ շնորհուած պատուանշաններով։
Նոր պարգեւը Դոկտ. Գրգեաշարեանին յանձնած է Աւստրալիոյ մէջ Կիպրոսի փոխգերագոյն յանձնակատար Նիկոլաոս Վարելաս՝ ի գնահատումն բազմամշակութայնութեան, մարդկային իրաւանց եւ համայնքային համերաշխութեան ամրապնդման ուղղութեամբ անոր նշանակալի ծառայութեան։
Որպէս «Արեւելք»ի խմբագրական մարմին՝ մենք եւս բարձր կը գնահատենք Դոկտ. Գրգեաշարեանի տասնամեակներու վաստակը, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք զինք այս բարեբաստիկ առթիւ՝ ընդգծելով նաեւ անոր եւ իր տիկնոջ՝ Հիլտայի մարդասիրական գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան պահպանման ու հայ ժողովուրդի բարօրութեան հանդէպ անոնց շարունակական նուիրումը։