image

Թուրքիան եւ Քաթարը փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագիր ստորագրած են

Թուրքիան եւ Քաթարը փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագիր ստորագրած են

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան եւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի Իսթանպուլի մէջ կայացած բարձր մակարդակի բանակցութիւններու ընթացքին ստորագրած են փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագիր։

Էրտողանի խօսքով՝ Անգարա եւ Տոհա պիտի շարունակեն իրենց համատեղ ջանքերը՝ Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան վերսկսումը կանխելու նպատակով։

Բացի այդ, կողմերը ստորագրած են յուշագիր՝ խաղաղութեան, հաշտեցման եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ համագործակցութեան վերաբերեալ։