Ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը եւ ո՛չ ալ անոր անդամ պետութիւնները գիտեն, թէ ո՛րն է Հայաստանի եւրոպական ուղիի վերջնական հանգրուանը։ Այս մասին Երեքշաբթի յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Հոկտեմբեր 13-ին, Վարշաւայի անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հեռանկարներուն նուիրուած քննարկման ընթացքին Միրզոյեան նշած է, որ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ գործակցութիւնը կ՚ընթլայնուի, սակայն վերջնական նպատակակէտի հարցը տակաւին բաց կը մնայ։
«Վախենամ՝ հիասթափեցնեմ ձեզ, բայց կարծում եմ՝ ոչ ոք չգիտի։ Ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ Եւրոպական միութիւնը, ո՛չ էլ անդամ պետութիւնները», ըսած է ան՝ պատասխանելով դէպի Եւրոպա Հայաստանի ուղիի վերջնակէտի մասին հարցին։
Միրզոյեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ լուրջ քննարկումները նոր սկսած են։
«Մենք այս հարցի շուրջ դեռեւս չենք ունեցել խորքային հանրային քննարկումներ, թէեւ 2025-ի գարնանն ընդունել ենք Եւրոպական միութեանը Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքը»,- նշած է ան։
Հայաստանի Ազգային ժողովը օրէնքը ընդունած է 2025-ի Մարտ 26-ին՝ շուրջ 60,000 ստորագրութիւն հաւաքած քաղաքացիական նախաձեռնութեան հիման վրայ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտպանած էր օրինագիծը՝ նշելով, որ անոր ընդունումը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պաշտօնական դիմում չի նշանակեր, եւ նման որոշումը կը պահանջէ համապետական հանրաքուէ։
Միրզոյեան Հայաստանի եւ ԵՄ-ի յարաբերութիւնները բնութագրած է որպէս աննախադէպ խոր եւ սերտ՝ ընդգծելով, որ անոնք կ՚ընդգրկեն ոչ միայն քաղաքական երկխօսութիւնը, տնտեսութիւնն ու առեւտուրը, այլեւ անվտանգութիւնն ու արտաքին քաղաքականութիւնը։
Ան թուարկած է մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին գործող ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը, Եւրոպական խաղաղութեան գործիքի շրջածիրէն ներս տրամադրուող աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ խառնածին սպառնալիքներուն դիմակայելու հարցով Հայաստանին օժանդակող նոր առաքելութիւնը։ Նախարարին համաձայն՝ ԵՄ-ի կողմէ վերջերս ընդունուած ինքնավար առեւտրային միջոցառումները կը միտին դիւրացնել հայկական արտածման շուկաներու բազմազանեցումը։
Նախարարը շեշտած է, որ Հայաստանը կ՚օգտուի շարք մը ծրագիրներէ եւ օժանդակութեան միջոցներէ՝ հակառակ անոր որ ԵՄ-ին անդամակցութեան թեկնածու երկիր չէ։
Ըստ Միրզոյեանի՝ Հայաստանի եւրոպական ձգտումներուն վրայ ազդող այլ կարեւոր գործօն ալ տարածաշրջանային միջավայրն է։ Ան մատնանշած է Ատրպէյճանի հետ տակաւին լուծում պահանջող զգայուն հարցերը, Թուրքիոյ հետ փակ սահմանը եւ Իրանի շուրջ ստեղծուած բարդ կացութիւնը։
Անդրադառնալով Ռուսիոյ՝ Միրզոյեան նշած է, որ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ պատմականօրէն սերտ յարաբերութիւններն ու ներկայիս ալ պահպանուող ամուր կապերը, ինչպէս նաեւ պատշաճ կերպով կառավարել հաւանական հակազդեցութիւնը։
«Ոչ ոք չի ցանկանում նոր թշնամիներ ձեռք բերել, եւ մենք որեւէ երրորդ կողմի վնաս հասցնելու շահագրգռուածութիւն չունենք», ըսած է ան։
Միրզոյեան նաեւ նշած է, որ Վրաստանի կողմէ ԵՄ-ին համարկման ուղիի շարունակութիւնը պիտի դիւրացնէր Հայաստանի իրավիճակը։
Համաժողովի շրջածիրէն ներս, «ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան վերաիմաստաւորումը» խորագրով առանձին կլոր սեղանի բացման խօսքին մէջ Միրզոյեան կոչ ըրած է ստեղծելու աւելի ճկուն շրջանակ, որ նկատի կ՚առնէ գործընկեր երկիրներու եւրոպական տարբեր ձգտումները։ Ան յիշատակած է 2025-ի Դեկտեմբերին ընդունուած Հայաստան-ԵՄ նոր ռազմավարական օրակարգը եւ 2026-ի Մայիսին կայացած Հայաստան-ԵՄ առաջին գագաթաժողովը՝ որպէս յարաբերութիւններու ընդլայնման օրինակներ։
Քննարկման ընթացքին Միրզոյեան ըսած է, որ իր տպաւորութեամբ՝ Հայաստանն ու ԵՄ-ն, ներառեալ անդամ պետութիւնները, հաճոյք կը ստանան մերձեցման գործընթացէն։
«Ուստի եկէք վայելենք այս ջերմ յարաբերութիւնները, բացայայտենք նոր հնարաւորութիւններ եւ համագործակցութեան նոր շերտեր, իսկ ապագայում ինչ-որ պահի միասին կը քննարկենք՝ արդեօք պէտք է «ամուսնանանք», թէ ոչ»,-ըսած է ան։