image
Հրատապ լուրեր:

Շատ կը փափաքէի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուէր. Գերմանիոյ ԱԳ նախարար

Շատ կը փափաքէի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուէր. Գերմանիոյ ԱԳ նախարար

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ յայտարարած է, թէ մեծապէս կը ցանկայ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի եւ ուժի մէջ մտնէ։

Ինչպէս կը հաղորդէ  ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը, Վատեֆուլ այս մասին յայտնած է Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, թէ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն համար զարգացման մեծ կարելիութիւններ կը տեսնէ։

Ան յայտնած է, որ Պաքու ժամանած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէնի հետ հանդիպումէն ետք՝ նշելով, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներն ալ շահագրգռուած են Հարաւային Կովկասի հետ աշխոյժ գործակցութեամբ։

«Եւրոպական Միութեան երկիրներն ալ հետաքրքրուած են այս տարածաշրջանին հետ սերտ գործակցութեամբ։ Նոր փոխադրական միջանցքները կարելիութիւններ կը ստեղծեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին համար։ Երկու երկիրներն ալ Ուաշինկթընի մէջ օգտուեցան այս պատմական առիթէն։ Ես մեծապէս կը ցանկայի, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը վերջապէս ստորագրուէր եւ ուժի մէջ մտնէր», յայտարարած է Վատեֆուլ։

Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պաքուէն պիտի ժամանէ Երեւան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։