image

Հասիչէն դարձեալ անջրդի

Հասիչէն  դարձեալ  անջրդի

Սուրիոյ Հասիչէ նահանգը կրկին  անջրդի է։Թուրքիոյ եւ  թրքամէտ խմբաւորումներու  ու Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու միջեւ ծագած տարակարծութիւններու հետեւանքով, վերջինս  անջատած է Տրպասիէէն հասնող ելեկտրական հոսանքը, որ կը բանեցնէ Հասիչէի «Ալլուք» ջրամատակարարման կայանը:

 

Այս մասին «Արեւելք» վերահաասու դարձաւ «Ալ Մայատին»  կայանէն։

Աղբիւրը նշած է թէ ըստ Անատոլու լրատուական գործակալութեան թուրք եւ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ի վերջոյ հասած են համաձայնութեան լուծելու Հասիչէ նահանգի ջուրի եւ հոսանքի հարցերը: Համաձայնութեան համաձայն, ջուր պիտի մատակարարուի Հասիչէի եւ Թալթամըր գիւղաքաղաքի բնակիչներուն, ի դիմաց ելեկտրական հոսանքի մատակարարման թրքական ռազմական կայաններուն, որոնք տեղակայուած են Թալ Ապիատ եւ Ռաս ուլ Այնի մէջ:

Իր հերթին ջրամատակարման կայանի պատասխանատուներէն մին նշած է, թէ թրքական կողմը խախտած է համաձայնութիւնը եւ ձերք բերած է կայանը բանեցնող ելեկտրականութիւնը,  ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ջուրը անհասանելի ըլլայ բնակիչներուն:

Կայանի պատասխանատուի խօսքով, կայանը արդէն մեծ մասով թալանուած է, եւ պետութիւնը համագործակցութեամբ ռուսերուն հետ կը վերանորոգեն զայն: 

Իսկ ինչ կը վերաբերի կայանը կրկին բանեցնելու հարցին, ռուսական կողմը կը միջամտէ: Ի դէպ այս 26-րդ անգամն է, որ կայանը կը դադրի աշխատելէ, Հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր, երբ Թուրքիան բռնագրաւեց Ռաս ուլ Այնն ու  անոր շրջակայքը: 

Աղբիւրը նշած է, թէ այս անգամուայ Հասիչէի ջուրի տագնապը ամէնէն երկարատեւն էր: Բնակիչները  3 ամիսէ ի վեր կը տանջուին, անոնք  ջուրը կը կրեն տնային ջրհորներէ կամ կը գնեն ու փոխադրակառքերով կը փոխադրեն: Նաեւ  «Կարմիր Մահիկ» կազմակերպութիւնը  ապահոված է ջրամբարներ, խմելու ջուր հայթայթելու ժողովուրդին:

Այս տառապանքին զուգահեռ, վերջերս Հասիչէի արուարձաններուն մէջ, մանաւանդ Թալթամըրի շրջանին պատկանող գիւղերուն մէջ, տեղի կ'ունենայ փոխհրաձգութիւն ու ռմբակոծումներ մէկ կողմէ Թուրքիոյ եւ թրքամէտ խմբաւորումներու եւ միւս կողմէ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու միջեւ, ինչ որ առաջացուցած է բնակիչներու զանգուածային տեղահանում շրջանէն: