Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Fox News-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ հակուած է Ամանորէն ետք վերսկսելու Իրանի դէմ հարուածները, եթէ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը համաձայնութեան չհասնին։
Ան քննադատած է իրանական կողմը՝ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացի բացակայութեան համար։
«Իրանցիները անդադար կը խօսին։ Անոնք միայն կը խօսին, սակայն այդ բոլորը անհեթեթութիւն է», յայտարարած է Թրամփ։
ԱՄՆ-ի նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ իրանական նաւթատար նաւերը պիտի փորձեն ճեղքել ծովային շրջափակումը՝ սպառնալով ոչնչացնել զանոնք։
«Կը յուսամ, որ իրանական նաւթատար նաւերը պիտի փորձեն ստուգել շրջափակման ամրութիւնը։ Անոնք բոլորը պիտի յայտնուին ծովուն յատակը, ինչպէս իրանական նաւատորմը», ըսած է Թրամփ։