image

Երէկ գիշեր դարձեալ թէժ եղած է. ԱՄՆ եւ Իրան հարուածներ փոխանակած են

Երէկ գիշեր դարձեալ թէժ եղած է. ԱՄՆ եւ Իրան հարուածներ փոխանակած են

Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը աւարտած են Իրանի դէմ հարուածներու հերթական շարքը, որու ընթացքին յարձակման ենթարկուած է 90 թիրախ։ Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ-ի Զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM)։

«CENTCOM-ի ուժերը աւարտած են Իրանի դէմ հարուածներու լրացուցիչ փուլը, որոնք նպատակաուղղուած էին հետագային տկարացնելու Իրանի կարողութիւնները՝ Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւերու եւ անմեղ քաղաքացիական նաւաստիներու վրայ յարձակումներ կատարելու առումով։ Ամերիկեան ուժերը հարուածած են շուրջ 90 իրանական ռազմական թիրախ»,– ըսուած է CENTCOM-ի հրապարակման մէջ։

Հրամանատարութիւնը նշած է, որ յարձակման ենթարկուած թիրախներու շարքին եղած են հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, ափամերձ հսկողութեան համակարգեր, հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստներ, ինչպէս նաեւ ռազմական լոճիսթիքայի ենթակառուցուածքային կառոյցներ։

Իր կարգին, Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմածովային եւ օդատիեզերական ուժերը հարուածներ հասցուցած են Պահրէյնի եւ Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն։ Այս մասին ըսուած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի յայտարարութեան մէջ, որ մէջբերած է Իրանի պետական հեռուստառատիոընկերութիւնը։

«Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմածովային եւ օդատիեզերական ուժերու մարտիկները, համատեղ հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու գործողութեան ընթացքին, որ իրականացուած է երկրի տարբեր շրջաններու վրայ հակառակորդի յարձակումներէն անմիջապէս ետք, ոչնչացուցած են Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան «Ալի ալ-Սալեմ» եւ «Արիֆճան», ինչպէս նաեւ Պահրէյնի «Ալ-Ժուֆէյր» եւ «Շէյխ Իսա» ռազմակայաններու առանցքային կառոյցներն ու ենթակառուցուածքները»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

 

Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը զգուշացուցած է, որ եթէ ամերիկեան յարձակումները կրկնուին, Թեհրան պիտի ընդլայնէ իր պատասխան միջոցները, որոնք պիտի ուղղուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու Զինուած ուժերու այլ ռազմակայաններու դէմ։